Երկուշաբթի 2, Դեկտեմբեր 2024
ՏԵՂԱՊԱՀ Տ. ԳԱՐԵԳԻՆ ԱՐՔ. ՊԵՔՃԵԱՆ ՄԵԿՆԵՑԱՒ ԳԵՐՄԱՆԻԱ
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան երէկ մեկնեցաւ Գերմանիա։ Ինչպէս Գումգաբուի աղբիւրները աւելի առաջ հաղորդած էին, նորին սրբազնութիւնը կը պատրաստուի վերջնականօրէն փոխանցել Գերմանիոյ հայոց թեմակալ առաջնորդի պաշտօնը։ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Գերմանիոյ հայոց թեմէն ներս այս շրջանին կը սկսի նոր առաջնորդ մը ընտրելու գործընթացը։ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան կը վերահսկէ այս գործընթացին մեկնարկը եւ իր գլխաւորութեամբ նախատեսուած են շարք մը խորհրդակցութիւններ։
Նորին սրբազնութիւնը քաղաքս պիտի վերադառնայ 28 Յունուարին։
Չորեքշաբթի, Յունուար 10, 2018
Թրքահայ կեանք
- 12/02/2024