ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՆՄՈՌԱՆԱԼԻ ԲԱՐԵՐԱՐ ՀՈԳԵԼՈՅՍ ՏԻԳՐԱՆ ԷՖ. ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆ ԵՐԷԿ ՈԳԵԿՈՉՈՒԵՑԱՒ ԻՐ ՀԻՄՆԱԴՐԱԾ ՈՐԲԱՆՈՑԻ ԸՆՏԱՆԻՔԻՆ ԿՈՂՄԷ

Գարակէօզեան Տան հիմնադիր, ազգային երախտաշատ ու անմոռանալի բարերար հոգելոյս Տիգրան էֆէնտի Գարակէօզեան երէկ ոգեկոչուեցաւ՝ իր իսկ հիմնադրած որբանոցի ընտանիքին կողմէ։ Այսպէս, երէկ առաւօտ Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ յաւարտ Ս. Պատարագի հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ ողբացեալ Տիգրան էֆէնտի Գարակէօզեանի համար։ Աւելի վերջ, Գարակէօզեան ընտանիքի ներկայացուցիչները յարգանքի այցելութիւն մը տուին հոգելոյս Տիգրան էֆէնտի Գարակէօզեանի Շիշլիի գերեզմանատան շիրիմը, ուր եւս կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն՝ Տ. Յուսիկ Քհնյ. Հերկելեանի առաջնորդութեամբ։ Գարակէօզեանցիները երախտագիտութեամբ ոգեկոչեցին իրենց հիմնադիրը, որու բարոյական ներկայութեան առջեւ խոնարհեցան բիւր յարգանքով։ Ներկայ էին Խնամակալութեան ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլ, տնօրէնուհի Արուսեակ Մոնէ, աշակերտութեան ներկայացուցիչներ եւ Գարակէօզեանի յարակից մարմիններէն վարչայիններ։

Եկեղեցւոյ եւ գերեզմանատան հոգեհանգստեան պաշտօններէն վերջ բոլոր ներկաները համախմբուեցան վարժարանի երդիքին տակ, ուր կը թեւածէ հոգելոյս Տիգրան էֆէնտի Գարակէօզեանի հոգին։ Ճաշարանին մէջ գարակէօզեանցիները միասնաբար ճաշակեցին իրենց աւանդական լուբիան։ Սեղաններուն շուրջ ստեղծուեցաւ քաղցր զրոյցներով անմիջական մթնոլորտ։ Բոլորը արձակուեցան դպրոցի հիմնադրին նկատմամբ վառ զգացումներու թարմացումով եւ արդի նորանոր ձեռքբերումներու ուղղութեամբ խոր հաւատքով։  

Ուրբաթ, Յունուար 10, 2020