ԱՄԵՆԱՊԱՏԻՒ ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան կիրակնօրեայ արարողութիւններուն նախագահեց եւ քարոզեց Պաքըրգիւղի Ծն. Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, ուր պատարագիչն էր Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Արամ Սրկ. Պարոնեան եւ այլ դպիրներ։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Քառասուն Մանկանց դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Սէրճան Կազէրօղլուի։

Յաւարտ Ս. Պատարագի Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը քարոզեց՝ բացատրելով Յորդանան գետին մէջ Յովհաննէս Մկրտիչի ձեռամբ Քրիստոսի մկրտուելու դէպքը։ Նորին Ամենապատուութիւնը դիտել տուաւ, որ ջուրը ունի երկու մասնայատկութիւն. կը ծառայէ մաքրութեան, նաեւ կեանքի աղբիւր է։ Քրիստոս ինչո՞ւ եկած էր մկրտուելու։ Քրիստոս, որ սուրբ էր՝ տարբեր էր այն անձերէն, որոնք ապաշխարութեան մկրտութիւնը կ՚ընդունէին։ Անոնք իրենց մեղքերը կը ձգէին իրենց մկրտութեան պահուն։ Յովհաննէս Մկրտիչ տեսնելով մկրտուելու եկած Քրիստոսը՝ ըսած էր. «Ահա Գառն Աստուծոյ, որ կը բառնայ աշխարհի մեղքը»։ Քրիստոս ձգուած մեղքերը կը հաւաքէր իր անձին վրայ, որպէսզի մարդիկ արդարանային։

Քարոզի աւարտին կատարուեցաւ պաշտօն, որով աղօթք բարձրացուեցաւ եկեղեցւոյ եւ թաղի Տատեան վարժարանի բարերարներէն հոգելոյս Վահրամ Փապուճճեանի հոգւոյն ի հանգիստ։

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ, Պաքըրգիւղի ընտանիքը սահմանափակ շրջանակի մը մէջ հիւրընկալեց Նորին Ամենապատուութիւնը՝ պայմանաւորուած համաճարակով։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը այս փուլին գնահատեց ատենապետ Մեսուտ Էօզտեմիրի կողմէ գլխաւորուած Պաքըրգիւղի թաղային խորհուրդի ծաւալած գործունէութիւնը՝ փոխանցելով իր օրհնութիւններն ու յաջողութեան մաղթանքը։

Երկուշաբթի, Յունուար 10, 2022