ԿԱՐԵՒՈՐ ՏՆՕՐԻՆՈՒԹԻՒՆ

Մխիթարեան վարժարանի համալիրէն ներս շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ ուշագրաւ իրադարձութիւն մը, որով համայնքային շրջանակները պաշտօնապէս տեղեակ պահուեցան կարեւոր կարգադրութեան մը մասին։ Իրականութեան մէջ, առաջին հայեացքով, Մխիթարեանի ընտանիքին վերաբերեալ ներքին կարգադրութեան մը բնոյթը կը կրէ այս իրադարձութիւնը, սակայն, մեր ընկերամշակութային կեանքին տեսակէտէ կը ստանայ դրական հեռանկարներ։ Այսպէս, Մխիթարեանի մատակարար մարմնին եւ Մխիթարեան սանուց միութեան վարչութեան միջեւ ստորագրուեցաւ վարձակալութեան պայմանագիր մը, երկու ատենապետներուն՝ տքթ. Արման Գամարի եւ Արսէն Գովանի կողմէ։

Ինչպէս ծանօթ է, Մխիթարեան վարժարանի համալիրէն ներս երկար տարիներէ ի վեր կը շարունակուի շինարարութիւն, որ ներկայիս աւարտին հասնելու վրայ է։ Այս վիթխարի կառուցողական աշխատանքը երկարաժամկէտ մշտական եկամուտ կը խոստանայ դպրոցին համար։ Բայց եւ այնպէս, անոր անմիջապէս սկիզբին Մխիթարեան սանուց միութիւնը զրկուեցաւ իր հաւաքատեղիէն։ Դպրոցի համալիրի պողոտայի հանդիպակաց հատուածէն սանուց միութիւնը տեղափոխուեցաւ՝ «Սիւլէլման Նազիֆ» փողոցի առանձնատուներէն մէկը։ Սա եւս ժամանակաւոր կարգադրութիւն մըն էր, որովհետեւ այդ շէնքերու վերանորոգութիւնն ալ նախատեսուած էր։ Ծրագրի այդ փուլին գործնականօրէն Մխիթարեան սանուց միութիւնը մնաց առանց երդիքի։ Սա եւս ժամանակաւոր շրջան մըն էր, սակայն, տխուր՝ Մխիթարեանի ընտանիքին տեսակէտէ։ Նկատի ունենալով, որ Մխիթարեան սանուցը մեր համայնքի ընկերամշակութային կեանքի մղիչ ուժերէն մին է՝ այս ժամանակաւոր շրջանը ազդեցութիւն գործեց համայնքի ընդհանուրին վրայ։ Բարեբախտաբար, գործընթացը համընկնեցաւ քորոնաժահրի համավարակի շրջանին, երբ արդէն ամէն ինչ կանգ առած էր։ Այս բոլորէն վերջ, երէկուան ստորագրման արարողութիւնը եկաւ պաշտօնապէս ազդարարելու, որ Մխիթարեան սանուց միութիւնը այլեւս ունի նոր հաւաքատեղի մը, մնայուն հասցէ մը։ Վարժարանի մատակարար մարմինը սանուց միութեան տրամադրած է «Սիւլէյման Նազիֆ» փողոցի այն երկու միացեալ շէնքերը, որոնք դպրոցի պարտէզի դուռին ճիշդ կողքը կը գտնուին։ Սա կը նկատուի համալիր մը, որովհետեւ նոյն երդիքին տակ պիտի գործէ նաեւ դպրոցի ծնողաց միութիւնը։ Միացեալ այս երկու շէնքի համալիրը պիտի ունենայ նաեւ բաժին մը, որ պիտի տնօրինուի սանուց միութեան կողմէ՝ սեփականութեան իրաւունքը միշտ վանքի մատակարար մարմնին պատկանելով։ Սանուց միութիւնը հնարաւորութիւնը պիտի ունենայ այդ առանձին հատուածը վարձու տալու, ինչ որ կ՚ենթադրէ մշտական եկամուտի հեռանկար եւ կարեւոր երաշխիք մը կը համարուի գործունէութեան կայունութեան համար։ Սանուց միութեան նոր համալիրի շինարարութեան աշխատանքներն ալ տակաւին չեն աւարտած։ Կը նախատեսուի, որ յառաջիկայ գարնան ամէն ինչ պատրաստ ըլլայ՝ եթէ կամքէ անկախ պարագաներ չյառաջանան։

Երէկուան հաւաքոյթին մասնակցեցան Մխիթարեան վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Պերճ Մենզիլճիօղլու, մատակարար մարմնէն ատենապետ տքթ. Արման Գամար եւ Հրանդ Գալաթաշ, Արսէն Գովանի գլխաւորած սանուց միութեան վարչայինները, ինչպէս նաեւ Մխիթարեան ընտանիքի նուիրեալներէն փորձառու իրաւաբան Լուիզ Պաքար, որ իր նպաստը բերած է պայմանագրի բնագրի ձեւաւորման։ Ստորագրման արարողութենէն վերջ, օգտուելով նաեւ բարենպաստ եղանակէն սարքուեցաւ բացօթեայ ընդունելութիւն մը։

Երկուշաբթի, Յունուար 10, 2022