ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՔՈՅՐ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԱՌԱՋՆՈՐԴՆԵՐՈՒ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց քաղաքիս քոյր եկեղեցիներու հոգեւոր առաջնորդները, որոնք շնորհաւորական այցելութիւններու փութացին Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան առթիւ։ Ընդունելութիւններուն ներկայ գտնուեցան Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան, Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, լուսարարապետ Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեան եւ գաւազանակիր Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։

Օրուան տեւողութեան այցելութեան փութացին Ուղղափառաց Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ծայրագոյն Պատրիարքը, Ասորիներու Պատրիարքական փոխանորդ Եուսուֆ Չեթին մետրապոլիտը, Լատին Կաթոլիկ համայնքի Պապական փոխանորդ Մոնս. Մասսիմիլիանօ Փալինուրօ եպիսկոպոսը, Ասորի Կաթոլիկ եկեղեցւոյ Պատրիարքական փոխանորդ Մոնս. Օրհան Չանլը քորեպիսկոպոսը, Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ հովիւ վերապատուելի Գրիգոր Աղապալօղլու, Թուրքիոյ Բողոքական եկեղեցիներու միութեան նախագահ Ալի Քալքանտելէնի գլխաւորած պատուիրակութիւնը եւ Գաղթէացի կաթոլիկ համայնքի պատրիարքական փոխանորդի ներկայացուցիչը։ Բոլոր այցելուներն ալ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր անձին մէջ շնորհաւորեցին Հայ Եկեղեցւոյ Ս. Ծնունդը։

ՏԻԿՆԱՆՑ ԿԱԶՄԵՐՈՒ ՀԵՏ

Միւս կողմէ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը յետմիջօրէին ալ հիւրընկալեց իսթանպուլահայ տիկնանց յանձնախումբերու ներկայացուցիչները։ Այսպէս, համայնքային զանազան կառոյցներու տիկնանց կազմերուն անունով բազմանդամ խումբ մը Նորին Ամենապատուութեան ներկայացաւ՝ Նոր տարին եւ Ս. Ծնունդը շնորհաւորելու համար։ Աւանդական հաւաքոյթը սկսաւ աղօթքով, ապա Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը բոլորը ողջունեց՝ տօներուն առթիւ յղելով շնորհաւորութիւններ։ Ան գնահատանքով արտայայտուեցաւ համայնքային կեանքէն ներս կանանց ստանձնած դերակատարութեան եւ ծաւալած գործունէութեան մասին։ Նորին Ամենապատուութիւնը մաղթեց, որ իգական սեռի գործունէութեան դաշտը ա՛լ աւելի ընդարձակուի։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը հաւաքոյթի ընթացքին մասնաւոր գնահատանքով արտայայտուեցաւ համայնքային շրջանակներուն այնքան սիրելի Եսթեր Վարժապետեանի գլխաւորած Պատրիարքարանի տիկնանց յանձնախումբի անդամուհիներուն մասին եւ շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց ծառայութեան համար։ Յանձնախումբին մաս կը կազմէին նաեւ՝ Նազիկ Ճաւաք, Մինէ Էրլեւենտ, Մելինէ Քըլըչսորալ, Լուիզ Ճանօղլու եւ Սօնա Քիւրքճիւօղլու։ Նորին Ամենապատուութիւնը անոնց նուիրեց յիշատակի խաչեր եւ իր հեղինակած՝ «Երկու ուխտաւորներ» գիրքը։

Զրոյցի տեւողութեան ներկաները գոհունակութիւն յայտնեցին, որ Պատրիարքական Աթոռը հնարաւորութիւն կը ստեղծէ առցանց հետեւիլ մեր եկեղեցական արարողութիւններուն։

Հուսկ, հիւրերը Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հօր աջը առին՝ իրմէ ստանալով նաեւ օրհնուած նուռեր։

Երեքշաբթի, Յունուար 10, 2023