ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆԻ ԽՐԱԽՃԱՆՔ

Թոփ­գա­բուի Լե­ւոն-Վար­դու­հեան վար­ժա­րա­նին մէջ վեր­ջերս տե­ղի ու­նե­ցաւ Բա­րե­կեն­դա­նի խրախ­ճանք մը, ո­րով ստեղ­ծուե­ցաւ մեծ ո­գե­ւո­րու­թիւն։ Դպրոցն ալ պատ­շա­ճօ­րէն յար­դա­րուած էր այս խրախ­ճան­քին առ­թիւ եւ փոք­րիկ­նե­րը ու­նե­ցան ան­մո­ռա­նա­լի ժա­մանց։ Մաս­նա­ւոր տա­րազ­նե­րով կա­տա­րուած տո­ղանց­քով գոր­ծադ­րուե­ցաւ օ­րուան յայ­տա­գի­րը՝ դա­սա­րա­նի ու­սու­ցիչ­նե­րու հսկո­ղու­թեան ներ­քեւ։ Ա­շա­կերտ­նե­րը հան­դէս ե­կան նաեւ ար­տա­սա­նու­թիւն­նե­րով եւ խմբերգ­նե­րով։

Ձեռ­նար­կը ա­ւար­տին հա­սաւ տնօ­րէ­նու­հի Ա­նի­թա Թու­մա­յեա­նի շնոր­հա­ւո­րա­կան խօս­քով։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 10, 2016