ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ԱՐԱՄԵԱՆ-ՈՒՆՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆԻ ԱՌԹԻՒ ՄԵԾ ՈԳԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆ
Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանէն ներս Բարեկենդանը վերջին օրերուն նշուեցաւ արտասովոր խանդավառութեամբ։ Մէկէ աւելի հանդէսներ տեղի ունեցան դպրոցէն ներս եւ այդ մթնոլորտին մէջ տղաքը թէ՛ ապրեցան Բարեկենդանի հրճուանքը եւ թէ հաղորդ դարձան Սրբոց Վարդանանց խորհուրդին՝ ներշնչուելով քաջն Վարդան Մամիկոնեանի կերպարով։
Արամեան սանուց միութեան դահլիճի երդիքին տակ աշակերտները խումբ առ խումբ մասնակցութիւն բերին խրախճանքներուն ու զուարճացան իրարմով։ Տղաքը երգերով, պարերով ու զանազան խաղերով գագաթանակէտին հասցուցին խրախճանքը։ Խրախճանքին զուագահեռ տղոց համար պատրաստուած էր նաեւ պատուասիրութիւն։
Վարժարանի տնօրէնուհի Թալին Պէրպէրօղլուի գլխաւորութեամբ կրթական մշակներէն ալ բաժնեկից եղան աշակերտներու անխառն ուրախութեան՝ դիմակներ հագուած։
Ի վերջոյ, կարելի վստահօրէն ըսել՝ թէ այս տարուան Բարեկենդանը առանձնայատուկ խանդավառութեան առիթ հանդիսացաւ եւ բոլորի յիշողութեան մէջ դարձաւ անմոռանալի։
Թրքահայ կեանք
- 11/30/2024