ԹՐՔԱՀԱՅ ՈՒՍՈՒՑՉԱՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՍՈՒՐԲ ՓՐԿԻՉ ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑ

Թրքահայ ուսուցչաց միութեան նորընտիր վարչութիւնը նախընթաց օր քաղաքավարական այցելութիւն մը տուաւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոց, ուր հիւրընկալուեցաւ Հոգեբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի կողմէ։ Միութեան նորընտիր վարչութեան ներկայացուցիչները երախտագիտութիւն յայտնեցին Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի կողմէ ցայսօր մեր կրթական մշակներուն ի նպաստ ցուցաբերուած զօրակցութեան համար։ Վարչութեան ներկայացուցիչները միեւնոյն ժամանակ անդրադարձան իրենց յառաջիկայ ծրագրերուն։

Իր կարգին, Պետրոս Շիրինօղլու շնորհաւորեց նորընտիր վարչութիւնը ու նշեց, որ միշտ պատրաստակամ են աջակցելու մեր կրթական մշակներուն վերաբերեալ ծը-րագրերուն։ 

Շաբաթ, Փետրուար 10, 2018