ՊԱՂԱՐԻՒՆՈՒԹԻ՜ՒՆ

Պատրիարքական Աթոռի շուրջ ստեղծուած վարչական ծանր կացութեան յաղթահարման ուղղութեամբ երէկ առնուեցաւ անկիւնադարձային քայլ մը։ Ինչպէս հաղորդած էինք, երէկ առաւօտ Պատրիարքարանի մէջ տեղի ունեցաւ Կրօնական ժողովի անդամներու անպաշտօն հաւաքը, որուն մասնակցեցաւ նաեւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։ Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի ջանքերով այդ հաւաքը եղաւ արդիւնաւոր եւ առանց չափազանցութեան ունեցաւ պատմական բնոյթ։ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, որ օր մը առաջ գործնական երկխօսութիւն հաստատած էր Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի հետ, Կրօնական ժողովի անդամներու նկատառման յանձնեց ներկայ փուլի հրամայականները։ Ժողովական հայրերը արդէն հասունութեամբ եւ իրենց վիճակած ծանր պատասխանատուութեան գիտակցութեամբ արժեւորեցին իրադրութիւնը՝ կատարելով նաեւ կարեւոր տնօրինութիւններ։ Այսպէսով մեր դարաւոր Պատրիարքական Աթոռէն ներս վերահաստատուեցաւ օրինական դրութիւն մը, որու շնորհիւ հասարակաց յայտարարի մը վրայ բերուեցան պաշտօնական ընթացակարգերով պայմանաւորուած պետութեան ակնկալութիւններն ու մեր եկեղեցական կարգ ու կանոնաց տեսակէտէ անհրաժեշտ նուազագոյն բոլոր տարրերը։ Ամիսներ անց Պատրիարքարանի ղեկը դարձեալ ստանձնեց Տ. Արամ Արք. Աթէշեան՝ ընդհանուր փոխանորդի հանգամանքով։ Մեր համայնքէն ներս երկար սպասումէ վերջ յաղթանակեց բանիմացութիւնը։ Համայնքային շրջանակները երկար ժամանակ վերջ ականատես եղան ողջունելի իրադարձութեան մը, որու շնորհիւ տագնապը յաղթահարուեցաւ։ Սա անշուշտ առաջին հերթին մեր համայնքի ջախջախիչ մեծամասնութեան կողմէ որդեգրուած պաղարիւնութեան եւ հաւասարակշռուած մօտեցումներու արդիւնքն է։ Տագնապի յաղթահարումը տակաւին չի նշանակեր բոլոր հարցերու լուծուած ըլլալը, սակայն ամենակարեւորը այն է, որ մեր Պատրիարքական Աթոռը դադրած է կաթուածահար ըլլալէ, դուրս եկած է անդամալուծութեան ճիրաններէն եւ այսօր կրնայ ծաւալել բնականոն գործունէութիւն՝ իր դարաւոր առաքելութեան եւ աւանդոյթներուն համահունչ։

Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի նախագահութեամբ երէկ գումարուած Կրօնական ժողովի նիստէն վերջ հրապարակուած պաշտօնական զեկոյցը նոյնութեամբ ներկայացուած է մեր յարակից սիւնակին մէջ։

Կը տեղեկանանք, որ Պատրիարքական Աթոռը անմիջապէս իրազեկած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը։ Կրօնական ժողովի վերջին որոշումները մասնաւոր նամակով մը յղուած են Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի բարձր նկատառման։ Անմիջապէս սկսած է նաեւ զեկոյցի թրքերէնի թարգմանութիւնը։ Շաբաթավերջի արձակուրդէն վերջ արդէն Կրօնական ժողովի որոշումներուն կապակցութեամբ պիտի իրազեկուին նաեւ պաշտօնական բոլոր պատկան մարմինները։

Միւս կողմէ, Կրօնական ժողովի երէկուան զեկոյցէն յայտնի կը դառնայ, որ այժմ արդէն նախկին տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան երէկ առաւօտեան դրութեամբ հրաժարելու մտադրութիւն յայտնած է Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանին։ Ուստի, կը նախատեսուի, որ նորին սրբազնութիւնը յառաջիկայ օրերուն հրաժեշտ առնէ քաղաքէս ու վերադառնայ Եւրոպա։

Շաբաթ, Փետրուար 10, 2018