ՔԷՐՄԷՍԻ ԾՐԱԳԻՐ՝ ԱՋԱԿՑԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ՊՈԼՍԱՀԱՅ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԱԿԱՆ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԵԱՆ
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ այս շաբաթավերջին տեղի պիտի ունենայ քէրմէս մը, որու հասոյթը պիտի տրամադրուի պոլսահայ համալսարանական երիտասարդութեան։ Մեծ պահոց շրջանին զուգադիպած այս քէրմէսը պիտի իրականանայ ՍԷՎ-ի երիտասարդաց յանձնախումբի եւ «Փարոս» ամսագրի համատեղ նախաձեռնութեամբ։
Երէկ հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Դալար Ալէքսանեան-Փոլատը, Թամար Կուրտիկեանն ու Այլին Չավուշեանը։ Հաճելի զրոյցի ընթացքին անոնք մեզի տեղեկացուցին, թէ այս ծրագիրը յաջողութեամբ պսակելու առաջադրութեամբ աշխատանք կը տարուի մեծ եռանդով։ Քաղաքիս պուլկար յարանուանութեան առաջնորդարանի դահլիճին մէջ պիտի բացուի այս քէրմէսը, որու շրջագծով այցելուներուն պիտի մատուցուին զանազան զգեստներ։ Կուրտիկեան ընտանիքին կողմէ տրամադրուած են տարազները, որոնք վաճառքի պիտի հանուին քէրմէսի շարժառիթով։ Հասոյթը պիտի տրամադրուի ՍԷՎ հիմնարկին՝ խրախուսելու համար համալսարանական երիտասարդները։
Հարկ է նշել, որ ՍԷՎ հիմնարկը ներկայիս կրթաթոշակ կը տրամադրէ 71 համալսարանականի։ Այդ միջոցները կը յատկացուին բացառապէս այն երիտասարդներուն համար, որոնք իրաւունք շահած են կա՛մ պետական համալսարանի մը մէջ ուսանելու եւ կամ մասնաւոր համալսարանի մը մէջ հարիւր տոկոս կրթաթոշակով կրթուելու։ Երէկուան մեր զրուցակիցները տեղեկացուցին, որ կրթաթոշակառուներու թիւը կրնայ բարձրանալ եթէ ՍԷՎ հիմնարկին մօտ այս նպատակին համար նախատեսուած միջոցները աւելնան։ Հետեւաբար, այս քէրմէսին յաջողութիւնը ուղղակիօրէն պիտի ազդէ մեր համալսարանականներուն համար ի սպաս դրուելիք միջոցներուն վրայ։