Տ. ԳԱՐԵԳԻՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ՊԵՔՃԵԱՆ ՔԱՂԱՔԻՍ ՄԷՋ
Երէկ կէս գիշերին Իսթանպուլ ժամանեց Գերմանիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան։ Այս առաւօտ ան այցելեց Շիշլիի գերեզմանտունը, ուր իր հանդիսապետութեամբ հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ Պատրիարքական Աթոռի երանաշնորհ գահակալներէն Տ. Գարեգին Արք. Խաչատուրեանի, Տ. Շնորհք Արք. Գալուստեանի եւ Տ. Գարեգին Արք. Գազանճեանի շիրիմներուն մօտ։ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի հետ էին ընդհանրապէս Սուրբ Խաչ դպրեվանքի ընտանիքէն համայնքային դէմքեր։
Ինչպէս հաղորդած էինք, Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան տեղապահի թեկնածու է եւ յառաջիկայ Չորեքշաբթի Պատրիարքարանի մէջ պիտի մասնակցի Եկեղեցականաց համագումարին, որով պիտի ընտրուի տեղապահը։
Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան Իսթանպուլ ժամանելէ օր մը առաջ իր այցելութեան մասին գրաւոր տեղեկութիւն փոխանցած է Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանին։ Նորին Սրբազնութիւնը նախընտրած է ներկայ այցելութեան ընթացքին իջեւանիլ պանդոկի մը մէջ։