ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՄԷՋ ՀԱՄԱՏԵՂ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՓՈՐՁ

Հայաստանէն հիւրաբար քաղաքս ժամանած յոբելեար «Թաթուլ Ալթունեան» երգի-պարի պետական համոյթը եւ Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» երգի-պարի համոյթը երէկ երեկոյեան իրականացուցին համատեղ ընդհանուր փորձ մը։ Շիշլիի քաղաքապետութեան առընթեր գործող Ֆէրիգիւղի «Տերվիշ Էրօղլու» մշակոյթի կեդրոնի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ այս ընդհանուր փորձը, որու ընթացքին ստեղծուեցաւ խանդավառ մթնոլորտ։ Վաղուան համատեղ ելոյթին ընդառաջ Հայաստանի 80-ամեայ «Թաթուլ Ալթունեան» եւ Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» համոյթներու անդամները կատարեցին վերջին պատրաստութիւնները։

Շաբաթ, Մարտ 10, 2018