ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՄԷՋ ՏՔԹ. ՆՈՐԱ ԹԱԹԱՐԵԱՆԻ ԲԱՆԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆԸ

Երէկ երեկոյեան, Ֆէրիգիւղի «Նազար Շիրինօղլու» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ բանախօսութիւն մը, որու ատենախօսն էր Տքթ. Նորա Թաթարեան։ Թաղի Մէրամէթճեան վարժարանի տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած էր այս ձեռնարկը՝ Համաշխարհային կանանց օրուան առթիւ։ «Օսմանեան կանանց շարժումը եւ  Զապէլ Եսայեան» խորագրեալ երեկոյթի սկիզբին ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ Միրէյ Գալայճը։ Սապանճը համալսարանի դասախօս Տքթ. Նորա Թաթարեան ձեռնարկի նիւթը մեկնաբանեց զանազան երեսակներով՝ Օսմանեան շրջանէն սկսեալ, հասնելով մինչեւ Հանրապետական շրջան՝ միշտ Զապէլ Եսայեանի կեանքին ու գործունէութեան, թողած մեծ ժառանգութեան առանցքով։

Երեկոյթի աւարտին Մէրամէթճեան վարժարանի տնօրէնուհի Արփի Մանուկեան յուշա-նըւէր մը յանձնեց բանախօսին։

Երեքշաբթի, Մարտ 10, 2020