ՄԻՋՆԱԽԱԿՐԹԱՐԱՆԱՅԻՆ ԱՌԱՋԻՆ ՄՏԱԽԱՂԵՐԸ

Հա­մայն­քա­յին նա­խակր­թա­րան­նե­րուն մաս­նակ­ցու­թեամբ շա­բա­թա­վեր­ջին տե­ղի ու­նե­ցան մտա­խա­ղեր, ո­րոնք կազ­մա­կեր­պուե­ցան ա­ռա­ջին ան­գամ։ Պէզ­ճեան Մայր վար­ժա­րա­նին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ ձեռ­նար­կը, ո­րու կազ­մա­կերպ­չա­կան աշ­խա­տանք­նե­րուն ա­ջակ­ցե­ցան Թուրք ու­ղե­ղի խում­բը, «Akıl oyunları» եւ «Zeka oyunları» խում­բե­րը։ Հիւ­րըն­կալ Պէզ­ճեան Մայր վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­հի Թա­լին Նա­յի­րի ող­ջոյ­նի խօս­քով բա­ցուե­ցան մտա­խա­ղե­րը, ո­րոնց կա­նոն­նե­րուն մա­սին բա­ցատ­րու­թիւն­ներ տուաւ Թուրք ու­ղե­ղի խում­բի խմբա­պետ Ֆեր­հատ Չա­լափ­քու­լու։ Ա­ւե­լի վերջ հա­մայն­քա­յին նա­խակր­թա­րան­նե­րու խում­բե­րը չա­փե­ցին ի­րենց գի­տե­լիք­նե­րը զա­նա­զան ա­նուա­նա­կար­գե­րու մէջ. ինչ­պէս՝ սու­տո­քու, մտքի խա­ղեր, մե­քա­նիք խա­ղեր, տե­սո­ղա­կան խա­ղեր ու բա­ռա­խա­ղեր։ Ար­դիւն­քին ա­ռա­ջին հինգ հո­րի­զո­նա­կան­նե­րը զբա­ղե­ցու­ցին՝ Գա­րա­կէօ­զեան, Գալ­ֆաեան, Ա­րա­մեան-Ուն­ճեան, Է­սաեան եւ Սա­հա­կեան-Նու­նեան վարժա­րան­ները։ Ան­հա­տա­կան գետ­նի վրայ դափ­նե­կիր հան­դիսա­ցան՝ Ա­րաս Էօզ­քա­յա (Գալ­ֆաեան), Սե­լին Եուրթ­կիւ­լիւ (Ա­րա­մեան-Ուն­ճեան) եւ Տի­րան Քէօ­սէ (Է­սաեան)։

Մրցա­նա­կա­բաշ­խու­թեան ա­րա­րո­ղու­թիւ­նով մտա­խա­ղե­րը հա­սան ի­րենց ա­ւար­տին։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 10, 2017