ՀԱՄԱՏԱՐԱԾ ԱՒԵՏԻՍ

Քրիստոսի Սուրբ Յարութեան տօնը թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս երէկ նշուեցաւ աւանդական շուքով։ Տաղաւարի համատարած աւետիսը բոլորի շուրթներուն էր, մինչ տօնական բարձր հրճուանքը համակեց թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքը։

Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան մատոյց Ս. Յարութեան տաղաւարի մեծահանդէս Ս. Պատարագը, որու ընթացքին տուաւ օրուան պատգամը։ Ինչպէս մեծ հայահոծ թաղերու եկեղեցիները, այնպէս ալ նոյնիսկ հայ բնակչութենէն նօսրացած թաղամասերու եկեղեցիները յորդեցան հաւատացեալներով, որոնք եղբայրական բարձր տրամադրութեամբ փոխանակեցին բարեմաղթութիւններ։

Յետմիջօրէին ալ, Գումգաբուի «Պէզճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ս. Զատկի աւանդական ընդունելութիւնը։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը մէկտեղուեցաւ համայնքային շրջանակներուն հետ՝ իր կողքին ունենալով Տ. Արամ Արք. Աթէշեանն ու բազմաթիւ հոգեւոր հայրեր։ Ընդունելութեան ներկայ գտնուեցան բազմաթիւ ծանօթ ազգայիններ, բարերարներ, համայնքային մարմիններու ներկայացուցիչներ եւ հիւրեր։ Հաւաքոյթի ընթացքին Նորին Ամենապատուութիւնը հանդէս եկաւ ամփոփ շնորհաւորութեան խօսքով մը։ Ան շեշտեց, որ մօտաւոր անցեալի Պէյօղլուի ընտրութիւններով արդէն համայնքէն ներս ընտրութիւններու գործընթացը ամբողջութեամբ եզրափակուած է։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը կարեւորութեամբ անդրադարձաւ նաեւ Պատրիարքական Աթոռի Ընկերային օժանդակութեան յանձնախումբի գործունէութեան՝ մասնաւորապէս յետերկրաշարժեան իրավիճակին մէջ։ Ան ամփոփեց երկրաշարժի շրջանին թէժ պայմաններու ներքեւ ծաւալուած գործունէութիւնը եւ շեշտեց, որ ներկայիս նոր յանձնախումբ մը կազմուած է, որպէսզի երկրաշարժէն աւերուած շրջանները, շէնքերը վերակառուցուին։ Նորին Ամենապատուութիւնը ընդունելութեան ընթացքին ջերմօրէն ողջունեց նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն Աւագ շաբթուան առթիւ քաղաքս ժամանած երկու միաբան հայրերը։

Ընդունելութեան աւարտին բոլորը երգեցին Սուրբ Զատկի շարականը, զիրար շնորհաւորեցին՝ անկեղծ բարեմաղթանքներով։ Հրաժեշտի պահուն բոլորը աջահամբոյրի համար ներկայացան Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հօր, որ նուիրեց աւանդական կարմիր հաւկիթներ։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 10, 2023