ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՄԷՋ ՃԱՏՐԱԿԻ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՄՐՑԱՇԱՐՔ

Ֆէ­րի­գիւ­ղի Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ կազ­մա­կեր­պուած ճատ­րա­կի մրցա­շար­քը այս օ­րե­րուն կ՚ար­ժա­նա­նայ ան­մի­ջա­կան ու­շադ­րու­թեան։ Ար­դէն 12-րդ ան­գամ կը կազ­մա­կեր­պուի այս ա­ւան­դա­կան միջ­վար­ժա­րա­նա­յին մրցա­շար­քը, ո­րով ստեղ­ծուած է մեծ ու ո­գե­ւոր շար­ժում մը։ Ծա­նօթ է, որ մեր դպրոց­նե­րէն ներս ճատ­րա­կի ուղ­ղու­թեամբ կը տա­րուի մեծ աշ­խա­տանք եւ այդ աշ­խա­տան­քին ար­դիւն­քը չա­փե­լու տե­սա­կէ­տէ կա­րե­ւոր նշա­նա­կու­թիւն կ՚ու­նե­նան նման մրցա­շար­քե­րը։

Ֆէ­րի­գիւ­ղի Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նին կող­մէ կազ­մա­կեր­պուած ե­ռօ­րեայ մրցա­շար­քին բա­ցու­մը ե­րէկ ա­ռա­ւօտ տե­ղի ու­նե­ցաւ թա­ղի «Նա­զար Շի­րի­նօղ­լու» սրա­հին մէջ։ Թու­րի­քոյ Ճատ­րա­կի դաշ­նակ­ցու­թեան կող­մէ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ ալ կը հե­տե­ւին այս մրցա­շար­քին, ո­րու բաց­ման հանգ­րուա­նին ող­ջոյ­նի խօս­քով մը հան­դէս ե­կաւ հիւ­րըն­կալ վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­հի Ար­փի Մա­նու­կեան։

Թէ՛ մրցա­շար­քի կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րուն եւ թէ՛ մի­ջազ­գա­յին ի­րա­ւա­րար Իս­մէթ Ան­վի­թի կող­մէ խա­ղե­րու սկիզ­բէն ա­ռաջ մրցա­շար­քի կա­նոն­նե­րուն շուրջ ման­րա­մասն տե­ղե­կու­թիւն­ներ փո­խան­ցուե­ցան մաս­նա­կից­նե­րուն։

Բաց­ման հանգ­րուա­նէն վերջ սկսան մրցա­շար­քի հան­դի­պում­նե­րը՝ փոք­րե­րու եւ աստ­ղե­րու դա­սա­ւո­րում­նե­րուն մէջ։ Ե­րէկ սկսած մրցա­շար­քը կը շա­րու­նա­կուի նաեւ այ­սօր։ Խա­ղե­րը կ՚եզ­րա­փա­կուին վա­ղը, եւ տե­ղի կ՚ու­նե­նայ նաեւ մրցա­նա­կա­բաշխ­ման ա­րա­րո­ղու­թիւն։ 

Երեքշաբթի, Մայիս 10, 2016