ՄԱՅՐԵՐՈՒ ՕՐՈՒԱՆ ԱՌԹԻՒ ՀԱՆԴԷՍ՝ ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ

Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Մայրերու օրուան առթիւ հանդէս մը։ Մեծ խանդավառութեան առիթ դարձաւ այս ձեռնարկը, որուն ներկայ գտնուեցան Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչներ, դպրոցի պատասխանատուները, կրթական մշակներ, աշակերտներու ծնողներ եւ հիւրեր։ Մանկապարտէզի փոքրիկները եւ նախակրթարանի սաները գործադրեցին օրուան յայտագիրը։ Անոնք իրենց յաջող կատարումներով արժանացան ծափողջոյններու։ Արտասանութիւններու, պարերու եւ մեներգներու առընթեր Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի տղաքը հանդէս եկան նաեւ խմբերգներով։

Հանդէսի աւարտին շնորհաւորութեան խօսք մը արտասանեց տնօրէնուհի Անիթա Թումայեան, որ բարեմաղթութիւններ յղեց Մայրերու օրուան բերումով։

Եզրափակիչ փուլին դպրոցի փոքրիկները իրենց մայրերուն յանձնեցին նուէրներ։

Ուրբաթ, Մայիս 10, 2019