ԼՈՒՍԱՆԿԱՐԻՉ ԱՐԱ ԿԻՒԼԷՐԷ ԽՈՐՀՈՒՐԴՆԵՐ
Վարպետ լուսանկարիչ Արա Կիւլէր հիւրընկալուեցաւ «Զաման» օրաթերթին կողմէ աւանդաբար կազմակերպուող լրագրողական ձեւաւորման օրերու ձեռնարկին։ Այս առթիւ բացման խօսքեր արտասանեցին «Զաման»ի հրատարակութեան ընդհանուր տնօրէն Էքրէմ Տումանլը եւ տեսողական հրատարակութեան վարիչ Ֆեւզի Եազըճը։
Իր խօսքին մէջ Արա Կիւլէր անգամ մը եւս կրկնեց, թէ ինք ո՛չ թէ լուսանկարիչ է, այլ ֆօթօ-թղթակից։ Ան ըսաւ, որ ֆօթօ-թղթակիցը պատասխանատու է արխիւացնելու իր պաշարը։ «Զոր օրինակ՝ չունինք Անկախութեան պատերազմը լուսանկարած ֆօթօ-լրագրող մը։ Բոլոր լուսանկարները առած ենք գերմանացիներէն։ Եթէ ոչ մենք, հապա ո՞վ պիտի լուսանկարէ եւ պիտի արխիւացնէ», հարցուց ան։
Խօսելով թուային լուսանկարներու մասին, ան ըսաւ, թէ նոր արհեստագիտութիւնը արագութիւն պարգեւած է լրագրողին։ Կիւլէր պատմեց հետաքրքրական դրուագներ իր փորձառութենէն։
Արա Կիւլէրէն ետք խօսեցան նաեւ ֆրանսացի լուսանկարիչ Ուիլիըմ Տենիըլս, ամերիկացի լրագրող Սթենլի Կրին եւ ձեւաւորող Սթեֆըն Քոմիվես։