ԱՄԱՌՆԱՄՈՒՏԻ ԸՆԾԱՆԵՐ

Ե­րէկ, հա­ճոյքն ու­նե­ցանք խմբագ­րա­տանս մէջ հիւ­րըն­կա­լե­լու Ֆէ­րի­գիւ­ղի Ս. Վար­դա­նանց Դպրաց Դաս-երգ­չա­խում­բէն ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ՝ Ա­նի Սա­րա­ճան, խմբա­վար Ատ­րու­շան Սրկ. Հա­լա­ճեան, դպրա­պետ Սեդ­րակ Սրկ. Տա­վութ­հան եւ Տնօ­րէն խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Է­րօլ Նու­պար Կիւ­զել­տեւ­լե­թեան։ Այս շա­բա­թա­վեր­ջին Վար­դա­նանց երգ­չա­խում­բին նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ տե­ղի կ՚ու­նե­նան եր­կու հա­մերգ­ներ, ո­րոնց ըն­դա­ռաջ երգ­չա­խում­բի վա­րիչ­նե­րը փա­փա­քած էին այ­ցե­լել խմբագ­րա­տունս։

Գո­հու­նա­կու­թեամբ վե­րա­հա­սու կ՚ըլ­լանք, թէ Վար­դա­նանց երգ­չա­խում­բը ա­մառ­նա­մու­տի ըն­ծա­ներ կը մա­տու­ցէ մեր ե­րաժշ­տա­սէր հա­սա­րա­կու­թեան։ Ֆէ­րի­գիւ­ղի ըն­տա­նի­քը հեր­թա­կան ան­գամ կ՚ապ­րի՝ մեր հա­մայն­քին հա­մար ե­զա­կի հնա­րա­ւո­րու­թիւն մը ստեղ­ծե­լու ար­դար հպար­տու­թիւ­նը։

Հիւ­րե­րուն կող­մէ մե­զի փո­խան­ցուած տե­ղե­կու­թիւն­նե­րով, այ­սօր ե­րե­կո­յեան Ֆէ­րի­գիւ­ղի ե­կե­ղեց­ւոյ պար­տէ­զին մէջ տե­ղի կ՚ու­նե­նայ ա­ռա­ջին հա­մեր­գը, ո­րու յայ­տագ­րին մաս կը կազ­մեն եր­կու խում­բեր։ Յով­սէփ Գու­յում­ճեա­նի եւ Լիւ­սի Գահ­վէ­ճիօղ­լուի մա­կա­նին ներ­քեւ պատ­րաս­տուած ման­կա­կան կազ­մը, նաեւ Յու­սիկ Սաք­մա­նի եւ Շանթ Էս­մէ­րի մա­կա­նին ներ­քեւ մար­զուած ման­կա­պա­տա­նե­կան կազ­մը հան­դէս կու գան բա­ցօ­թեայ ե­լոյ­թով մը։ Նա­խա­պատ­րաս­տու­թիւն­նե­րուն իր փոր­ձա­ռու­թեամբ ու խոր­հուրդ­նե­րով նպաս­տած է նաեւ Ատ­րու­շան Հա­լա­ճեան։ Հարկ է նշել, որ այս եր­կու կազ­մե­րուն տե­սա­կէ­տէ ե­զա­կի փոր­ձա­ռու­թիւն մը պի­տի ըլ­լայ այս հա­մեր­գը։

Երկ­րորդ հա­մեր­գը, ինչ­պէս ար­դէն ծա­նու­ցուած է, տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ այս Կի­րա­կի՝ Հար­պիէի Սէն թ՚Էսփ­րի լա­տի­նա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ։ Վար­դա­նանց երգ­չա­խում­բի բուն կազ­մը հան­դէս պի­տի գայ Ատ­րու­շան Հա­լա­ճեա­նի մա­կա­նին ներ­քեւ, նուա­գակ­ցու­թեամբ Լիւ­սի Գահ­վէ­ճիօղ­լուի։ Ձեռ­նար­կը ձօ­նուած է մեծն Կո­մի­տաս Վար­դա­պե­տի վախ­ճան­ման 80-րդ տա­րե­լի­ցին։

Կը նա­խա­տե­սուի, որ ե­րաժշ­տա­սէր հա­սա­րա­կու­թիւ­նը լայն մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րէ Վար­դա­նանց երգ­չա­խում­բի այս հա­մեր­գին։ 

Ուրբաթ, Յունիս 10, 2016