ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ԼԵՒՈՆ-ՎԱՐԴՈՒՀԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ԽՐԱԽՃԱՆՔ

Թոփ­գա­բուի Լե­ւոն-Վար­դու­հեան վար­ժա­րա­նի ա­ւար­տա­կան դա­սա­րա­նի ա­շա­կերտ­նե­րուն հա­մար վեր­ջերս կազ­մա­կեր­պուե­ցաւ շրջա­նա­ւար­տու­թեան խրախ­ճանք մը։  Թա­ղի Ս. Նի­կո­ղա­յոս ե­կե­ղեց­ւոյ յա­րա­կից «Իլք­քան» սրա­հին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ հան­դի­սու­թիւ­նը, որ միեւ­նոյն ժա­մա­նակ ձօ­նուած էր նա­խակր­թա­րա­նի շրջա­նա­ւարտ­նե­րուն։ Ներ­կայ էին Թոփ­գա­բուի թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը, վար­ժա­րա­նի հիմ­նադ­րի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Ե­դուարդ Հար­բութ, դպրո­ցի պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը, Սուրբ Փրկիչ Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նո­ցի ընդ­հա­նուր քար­տու­ղա­րու­հի Սիլ­վա Թրի­քա, Նար­լը­գա­բուի Ս. Յով­հան­նէս ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Վազ­գէն Վար­դա­նօղ­լու, վար­ժա­րա­նի ծնո­ղաց միու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը, կրթա­կան մշակ­ներ, շրջա­նա­ւարտ­նե­րու ըն­տա­նիք­նե­րը եւ հիւ­րեր։

Յայ­տագ­րի սկիզ­բին ե­լոյթ­նե­րով հան­դէս ե­կան Ե­դուարդ Հար­բութ եւ ու­սուց­չու­հի Լեռ­նա Էօլ­մէզ։ Ա­ւե­լի վերջ գոր­ծադ­րուե­ցաւ օ­րուան ծրա­գի­րը, ո­րուն մէջ բա­ժին ստանձ­նած էին միջ­նա­կար­գի եւ նա­խակր­թա­րա­նի շրջա­նա­ւարտ­նե­րը։ Հա­յե­րէն, թրքե­րէն եւ անգ­լե­րէն զա­նա­զան ե­լոյթ­նե­րէ բաղ­կա­ցեալ յայ­տա­գիր մը գոր­ծադ­րե­ցին ա­նոնք՝ ար­ժա­նա­նա­լով ծա­փա­հա­րու­թիւն­նե­րու։ Մի­ջա­նա­կար­գի շրջա­նա­ւարտ­նե­րը հրա­ժեշ­տի այս հանգ­րուա­նին շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նե­ցին Թոփ­գա­բուի ամ­բողջ ըն­տա­նի­քին, ո­րու բո­լոր տար­րե­րը մեծ զո­հո­ղու­թիւն­ներ յանձն ա­ռած են ի­րենց դաս­տիա­րա­կու­թեան հա­մար։ Ու­սուց­չու­հի Ռի­թա Ե­լէ­կէն եւ տնօ­րէ­նու­հի Ա­նի­թա Թու­մա­յեան ող­ջու­նե­ցին շրջա­նա­ւարտ­նե­րը եւ ա­նոնց մաղ­թե­ցին բա­րի հրա­ժեշտ։ Ա­ւե­լի վերջ տղա­քը ստա­ցան ի­րենց վկա­յա­կան­նե­րը։ Յա­ջող ա­շա­կերտ­նե­րուն հա­մար վե­րա­պա­հուած էին յա­ւե­լեալ նուէր­ներ։ Ա­ւար­տա­կան դա­սա­րա­նի ա­ռա­ջի­նը՝ Մե­լին­տա Կիւ­լիւք ար­ժա­նա­ցաւ «Սա­րայ­լը» հաս­տա­տու­թեան պար­գե­ւին, զոր ստա­ցաւ Շար­լոթ Սա­րը­չո­պա­նի ձե­ռամբ։ Երկ­րորդ հան­դի­սա­ցած Ա­նի­թա Չա­քըր Սիլ­վա Թրի­քա­յի ձե­ռամբ պար­գե­ւատ­րուե­ցաւ՝ Վահ­րամ Գաբ­րիէ­լեա­նի կտա­կին շրջագ­ծով։ Եր­րորդ հան­դի­սա­ցած Ար­տա Քազ Մարգ­րիտ Նալ­պանտ­ղա­զա­րօղ­լուի ձե­ռամբ ստա­ցաւ Մատ­լէն Արս­լա­նեա­նի կող­մէ հաս­տա­տուած յու­շա­նուէ­րը։ Իր կար­գին Վազ­գէն Վար­դա­նօղ­լուն ալ բո­լոր դա­սա­րան­նե­րու յա­ջո­ղա­գոյն­նե­րուն նուի­րեց հե­ծա­նիւ­ներ։

Յայ­տագ­րի գոր­ծադ­րու­թե­նէն վերջ հան­դի­սա­ւոր պայ­ման­նե­րով հա­տուե­ցաւ շրջա­նա­ւարտ­նե­րուն ի պա­տիւ պատ­րաս­տուած կար­կան­դա­կը։ Յա­ջոր­դե­ցին դպրո­ցի պար­տէ­զին մէջ սար­քուած ըն­դու­նե­լու­թիւ­նը, ո­րու ըն­թաց­քին բո­լո­րը ու­նե­ցան հա­ճե­լի ժա­մանց եւ ջեր­մօ­րէն շրջա­պա­տե­ցին շրջա­նա­ւարտ­նե­րը՝ բա­րե­մաղ­թու­թիւն­ներ յղե­լով ա­նոնց ա­պա­գա­յին հա­մար։ 

Ուրբաթ, Յունիս 10, 2016