ՖԷՐԻԳԻՒՂՑԻՆԵՐՈՒՆ ՆԱՒԱՊԱՏՈՅՏԸ

Ֆէ­րի­գիւ­ղի սա­նուց միու­թեան վար­չու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ ե­րէկ ե­րե­կո­յեան Վոս­փո­րի վրայ կազ­մա­կեր­պուե­ցաւ նա­ւապ­տոյտ մը։ Միու­թեան վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ Անդ­րա­նիկ Քա­րա­քուշ եւ իր ըն­կեր­նե­րը այս առ­թիւ ջերմ մթնո­լոր­տի մը մէջ հիւ­րըն­կա­լե­ցին պտոյ­տին բո­լոր մաս­նա­կից­նե­րը։ Զբօ­սա­նա­ւուն մէջ էին Ֆէ­րի­գիւ­ղի Ս. Վար­դա­նանց ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի, Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նի եւ թա­ղի բո­լոր յա­րա­կից մար­մին­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը։ Բո­լո­րը ու­նե­ցան հա­ճե­լի ժա­մանց եւ ա­մառ­նա­մու­տի առ­թիւ փո­խա­նա­կե­ցին բա­րե­մաղ­թու­թիւն­ներ։

Ֆէ­րի­գիւ­ղի սա­նուց միու­թեան կող­մէ Վոս­փո­րի այս նա­ւապ­տոյ­տը կազ­մա­կե­պուած էր 2015-2016 շրջա­նի եզ­րա­փակ­ման առ­թիւ։

Ուրբաթ, Յունիս 10, 2016