ՏԽՈՒՐ ՀՐԱԺԵՇՏ

Երէկ կէսօրուան ժամերուն համայնքային շրջանակները ցաւ ի սիրտ հրաժեշտ տուին նորոգ հանգուցեալ Եւա Սանթալուի, որու կորուստը վերջին օրերուն մեծ ցաւ յառաջացուցած էր։ Պոլսահայ երախտաշատ բարերար Գէորգ Սանթալուի կողակիցը եւ նոյնպէս երախտաշատ բարերար Հայկ Ասլանեանի քոյրը՝ Եւա Սանթալուի յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցաւ Օրթագիւղի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ։ Լուսաշող տաճարին կեդրոնը, մահաբեմի վրայ զետեղուած էր հանգուցեալի դագաղը, որու շուրջ յուղարկաւորները համախմբուած էին մատուցելու համար իրենց վերջին յարգանքը։ Բոլորը տխրութեամբ համակուած էին, որովհետեւ Եւա Սանթալուի նման համակրելի եւ շատ սիրելի անունէ մը բաժնուիլը իսկապէս շատ ծանր էր։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ներկայ եղաւ յուղարկաւորութեան եւ ցաւակցեցաւ հանգուցեալի հարազատներուն։

Արարողութեան հանդիսապետեց Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որու կողքին էին մեր հոգեւորականաց դասէն զանազան հայրեր։ Նորին սրբազնութիւնը խօսեցաւ նաեւ կուռ դամբանական մը, որու ընթացքին վեր առաւ հոգելոյս Եւա Սանթալուի մարդկային առաքինութիւնները եւ անոր ընտանիքին՝ մանաւանդ ամուսնոյն եւ եղբօր կողմէ կատարուած բարերարութիւններուն կարեւորութիւնը։ Մեր հաւաքական կեանքին բերուած այդ նպաստն ու զօրակցութիւնը ինքնաբերաբար պայմանաւորած էին Սանթալու եւ Արսլանեան ընտանիքներու անդամներուն նկատմամբ համատարած սէրն ու յարգանքը։

Համայնքային շրջանակներէն բազմաթիւ ծանօթ դէմքեր ներկայ գտնուեցան յուղարկաւորութեան եւ իրենց վշտակցութիւնը յայտնեցին Սանթալու եւ Ասլանեան ընտանիքներուն՝ արտայայտելով բարոյական զօրակցութիւն սուգի, կորուստի ծանր պահուն։

Օրթագիւղի եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած յուղարկաւորութենէն վերջ, նորոգ հանգուցեալ Եւա Սանթալուի մարմինը փոխադրուեցաւ Շիշլիի գերեզմանատունը, ուր թաղման կարգը տեղի ունեցաւ ընտանեկան դամբարանին մէջ։

Այս տխուր առթիւ անգամ մը եւս երկնային հանգիստ կը հայցենք հանգուցեալի հոգւոյն եւ մեր խորազգած վշտակցութիւնները կը յայտնենք Սանթալու եւ Ասլանեան ընտանիքներուն։

Հինգշաբթի, Յունիս 10, 2021