ՖՐԱՆՍԱԿԱՆ ՊԱԼԱՏԻՆ ՄԷՋ ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԻՒՆ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ երեկոյեան մասնակցեցաւ քաղաքիս Ֆրանսական պալատին մէջ կազմակերպուած պաշտօնական ընդունելութեան։ Ֆրանսայի Ազգային տօնին՝ 14 յուլիսի առթիւ սարքուած ընդունելութիւնը այս տարի քանի մը օր կանուխ տեղի ունեցաւ։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը դիմաւորուեցաւ Անգարայի մօտ Ֆրանսայի դեսպան Իզապէլ Տիւմոնի եւ Իսթանպուլի աւագ հիւպատոս Օլիվիէ Կովէնի կողմէ, որոնց անձին մէջ յանուն թրքահայութեան շնորհաւորեց ազգային տօնը եւ յղեց բարեմաղթանքներ։
Հաւաքոյթին մասնակցեցան բարձրաստիճան դիւանակալներ, տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ներկայացուցիչներ, դիւանագէտներ, հոգեւոր առաջնորդներ, հասարակական գործիչներ, մտաւորականներ, արուեստագէտներ, կրթական մշակներ, լրագրողներ եւ այլ հիւրեր։
Դեսպան Տիւմոն եւ աւագ հիւպատոս Կովէն հանդէս եկան ողջոյնի խօսքերով։ Նկատի ունենալով, որ Կովէն քաղաքիս մէջ կ՚աւարտէ իր պաշտօնավարութեան շրջանը՝ երէկուան ընդունելութիւնը նաեւ իրեն համար հրաժեշտի մը բնոյթը ունեցաւ։ Բացօթեայ հաւաքոյթին ընթացքին ցուցադրուեցաւ նաեւ տեսանիւթ մը՝ Փարիզի Ողիմպիականներուն առթիւ, որոնց բացումը տեղի պիտի ունենայ շուտով։
Ֆրանսական պալատի շքեղ պարտէզին մէջ երեկոյթի տեւողութեան հնչեցին դասական երաժշտութեան կատարումներ եւ շանսոններ։
Նորին Ամենապատուութեան ընկերացաւ գաւազանակիր Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեան: