ՎԱՔԸՖՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ՈՐՈՇԵՑ ՓՈԽԵԼ ՊԷՅՔՈԶԻ ՀԱՅՈՑ ԳԵՐԵԶՄԱՆԱՏԱՆ ՏԱՐԱԾՔԻՆ ԿԱՐԳԱՎԻՃԱԿԸ
Վաքըֆներու խորհուրդը անցեալ Երկուշաբթի իր հերթական ժողովը գումարեց մայրաքաղաք Անգարայի մէջ։ Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչ Թորոս Ալճանի գրասենեակը տեղեկացուց, որ նիստին ընթացքին կարեւոր որոշում մը առնուած է թրքահայ համայնքին տեսակէտէ։ Այսպէս, խորհուրդը որոշած է փոփոխութեան ենթարկել Պէյքոզի հայոց գերեզմանատան տարածքին կարգավիճակը։
Պէյքոզի հայոց գերեզմանատունը, որ երկար տասնամեակներէ ի վեր չ՚օգտագործուիր, կը հանդիսանայ Պէյքոզի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ սեփականութիւնը։ Թաղային խորհուրդի դիմումին հիման վրայ այդ տարածքին կարգավիճակը փոխուած է, ինչ որ միջոցէ մը ի վեր կը զբաղեցնէր մեր համայնքին օրակարգը։ Ըստ սահմանուած նոր կարգավիճակին՝ գերեզմանատան տարածքը դասուած է հասութաբեր հողակտորներու շարքին։
Ծանօթ է, որ Պէյքոզի գերեզմանատան տարածքին վրայ շինարարութիւն կատարելու ուղղութեամբ կարեւոր ծրագիր մը մշակուած է։ Թաղային խորհուրդը քանի մը տարի առաջ որոշած էր այդ տարածքին տնօրինումը յանձնել Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան, որ պիտի ստանձնէր նաեւ թաղի եկեղեցւոյ ընթացիկ բոլոր ծախսերը։ Աւելի վերջ թաղային խորհուրդը հրաժարած էր այդ տրամադրութենէն ու որոշած՝ տարածքի տնօրինումը յանձնել Պատրիարքարանին։ Հաշուի առնելով, որ Պատրիարքական Աթոռը չունի պաշտօնական կարգավիճակ մը՝ համայնքէն ներս օրակարգի վրայ եկած էին շարք մը մտահոգութիւններ։ Պատրիարքարանի հովանաւորութեան ներքեւ վերջերս ստեղծուած «Յովակիմ 1461» անուն վաքըֆին միջոցաւ կը ծրագրուի յառաջ տանիլ յիշեալ գործարքը։