ԿՂԶԻԻ ՄԷՋ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄ

Երէկ երեկոյեան, «Արփի» թատերախումբը Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանին մէջ ներկայացուց «Չարշըլը Արթին աղա» խաղը, որու թատրերգութեան հեղինակն է անմահ երգիծաբան Երուանդ Օտեան։ Երեկոյթին ներկայ գտնուեցան Տ. Եղիշէ Վարդապետ Ուչքունեան, Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, Տ. Գրիգոր Ա. Քահանայ Տամատեան, Գարակէօզեան Տան խնամակալութենէն ներկայացուցիչներ, Կազդուրման կայանի Խնամատար մարմնէն ներկայացուցիչներ, տնօրէնուհի Լիզա Չոլաքօղլու եւ բազմաթիւ թատերասէրներ։

Ներկայացումէն վերջ Լիզա Չոլաքօղլու «Արփի» թատերախումբին յանձնեց յուշապնակ մը, զոր ստացաւ Սարօ Սիրականեան։ Ձեռնարկը աւարտին հասաւ Տ. Եղիշէ Վարդապետ Ուչքունեանի խօսքով, որու ընթացքին ան ուրախութիւն յայտնեց հայերէն ներկայացման մը կազմակերպուած ըլլալուն համար ու գնահատեց այս ուղղութեամբ ներդրուած ջանքերը։

Ուրբաթ, Օգոստոս 10, 2018