ՇԻՇԼԻ ՄԱՐԶԱԿՈՒՄԲԻ ԱՄԱՌՆԱՅԻՆ ԴԱՍԸՆԹԱՑՆԵՐՆ ՈՒ ՈԳԵԿՈՉՄԱՆ ՄՐՉԱՇԱՐՔԵՐԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻՆ ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ ՄԷՋ

Շիշլի մարզակումբը այս տարի իսկական յաղթարշաւ մը կ՚իրականացնէ։ Ակումբի զանազան խումբերը ցարդ բաժակներ, մետայլներ եւ ախոյենութիւններ նուաճած են։ Մինչ այդ, Գնալը կղզիի մէջ կը շարունակուին նաեւ ակումբի ամառնային դասընթացները, որոնք պատանի եւ երիտասարդ մարզիկներու անմիջական հետաքրքրութեան առարկայ կը դառնան։

Վերջին օրերուն Գնալըի մէջ Շիշլիի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուեցաւ նաեւ ակումբի նախկին մարզիկներէն վաղամեռիկ Ալեքս Տաղլեանի յիշատակին ճատրակի մրցաշարք մը։ Իրաւարարներն էին Սարվէն Չաքմաք, Արաս Թոկաչ եւ Միրա Խանամիրեան։ Բաց դասաւորման մէջ 26 մարզիկ մասնակցեցաւ այս մրցաշարքին, իսկ վարպետներու դասաւորման մէջ՝ 12։

Ներկայ օգոստոս ամսուան տեւողութեան կ՚ընթանայ նաեւ Շիշլիի պասքեթպոլի առասպելական աստղերէն Կարօ Գալէնտէրի յիշատակին կազմակերպուած պասքեթպոլի մրցաշարքը։ 6 խումբի մէջ 36 մարզիկի մրցապայքարի թատերաբեմը կը հանդիսանայ այս մրցաշարքը, որու խաղերը ամէն ուրբաթ կ՚արժանանան մարզասէրներու հետաքրքրութեան։

Վաղը պիտի սկսի նաեւ ակումբի նախկին պատուոյ նախագահներէն Ղազարոս Ունանի յիշատակին ձօնուած վոլէյպոլի մրցաշարքը, որ պիտի եզրափակ-ւի ամսավերջին։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 10, 2022