Կիրակի 26, Յունուար 2025
ՈԳԵԿՈՉՄԱՆ ՀԱՄԱՐ ԾՐԱԳԻՐ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի օրհնութեամբ, յաջորդ շաբաթ Գնալը կղզիի մէջ մարզական փառատօն մը տեղի պիտի ունենայ՝ ի յիշատակ Պատրիարքական Աթոռի հոգելոյս գահակալ երջանկայիշատակ Տ. Մեսրոպ Արք. Մութաֆեանի։ 15-18 օգոստոս թուականներուն նախատեսուած է փառատօնը, որ առաջին անգամ 2019-ին կազմակերպուած էր Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին եւ Գարակէօզեան Տան Կազդուրման կայանի խնամատար մարմնի համագործակցութեամբ։ Փառատօնի ծրագիրը կ՚ընդգրկէ զանազան մարզաձեւեր. ինչպէս՝ ճատրակ, ոտնագնդակ, վոլէյպոլ, պասքեթպոլ, փինկ-փոնկ եւ մարմնամարզ։
Հարկ է յիշեցնել, որ հոգելոյս սրբազանն ալ կենդանութեան օրով կղզիի մէջ կը խրախուսէր Նաւասարդեան խաղերու կազմակերպումը։
Չորեքշաբթի, Օգոստոս 10, 2022