ԱՂԹԱՄԱՐԻ ԱՆԼՌԵԼԻ ԶԱՆԳԱԿԱՏՈՒՆԸ

Ահա, 4 սեպտեմբեր 2022, կիրակի առաւօտ կանուխ ի վերջոյ հասանք Աղթամար կղզի։ Պոլիսէն եւ Հայաստանէն բազմաթիւ ուխտաւորներ փութացած են Վան քաղաքը։ Խումբին առաջնորդն է Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Սրբազան Պատրիարք Հայրը, իր մօտն ունենալով հոգեւոր հայրեր։ Իսկ խումբին մարգարիտն է Սամաթիոյ Սահակեան դպրաց դաս-երգչախումբը՝ իր երկսեռ անդամներով։ Բոլորիս նպատակն է երթալ ուխտաւորի տրամադրութեամբ, տեսնել աղօթամերձ Վանայ ծովու հորիզոնը, շնչել պատմական տաճարի մթնոլորտը, սկսիլ աղօթել միասնաբար ու միաբերան եւ շարժել փորձել երկինքը մեր աղօթքներով ու շարականներով։ Սուրբ նպատակին, խոնարհ սպասաւորներն ենք բոլորս ահա, եւ ներկայ ենք Ս. Խաչի Բարեկենդանի առթիւ Աղթամարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ տարեկան տօնախմբութիւնը կատարելու համար։ Իսկ այս կիրակին առաւել եւս տարբեր պատկերով կը ներկայանայ արար աշխարհին, քանի համավարակի պատճառաւ կանգ առած ժողովրդական ուխտագնացութիւնը կը շարունակէ անգամ մը եւս հաւատացեալները ի մի համախմբել Աղթամարի մէջ։ Ամիսներ առաջ նոյնիսկ երբեւիցէ չէի մտածած, թէ այսպիսի նշանակալից օրուայ մը առթիւ ժողովուրդի աղօթախառն ներկայութեամբ Ս. Պատարագ պիտի մատուցանէի այս տաճարին մէջ։ Բայց փա՜ռք Աստուծոյ իրականացաւ…

Ժամը հասաւ 10.45-ին եւ «Խորհուրդ խորին» շարականի երգեցողութիւնը վերածուեցաւ անզանգակ զանգակատան խորհրդաւոր զանգերու ղօղանջին յԱղթամար։ Կազմուած թափօրը տաճարի մօտակայ կիսաւեր մատուռէն Ս. Խաչ երբեմնի հայրապետանիստ հաճար առաջնորդել սկսած էր արդէն իսկ։ Սա աննկարագրելի պահերէն մին է, երբ որպէս պատարագիչ վարդապետական գաւազան ի ձեռին կ՚ուղղուիմ դէպի տաճար։

Պահ մը ժամանակը կանգ կ՚առնէ, երբ գլուխս քիչ մը կը բարձրացնեմ ու հայեացքս կը կեդրոնացնեմ դէպի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ խորհրդաւոր զանգակատունը եւ հայկական ճարտարապետութեան գլուխ գործոցներէն՝ իր կաթուղիկէ գմբէթին կը կեդրոնանամ։ Կը սուզուիմ ներաշխարհիս մէջ ու այնքան ծով մտածումներու մէջ ակամայ կը դիտեմ ու կը դիտեմ։ Պարզ եկեղեցական կառոյցի մը արտաքին ճարտարապետութիւնն է սա, որուն նմանները Հայաստանի մէջ քանի քանի անգամներ տեսեր եմ։ Չեմ գիտեր, թէ Մանուէլ ճարտարապետի գլուխ գործոցը ինչո՞ւ այսքան տարբերութեամբ կը յայտնուէր։ Սակայն կը կարծեմ, որ Պարոյր Սեւակի տողերը կը ներկայացնեն պատասխանը. «Անլռելի զանգակատունը»։ Աղթամարի անլռելի զանգակատան ձայնն է սա, քանի Քրիստոսի «անլռելի» Ս. Պատարագի սկիզբը կ՚աւետուի կրկին անգամ այստեղ։

Կը յիշեմ 927-էն մինչեւ 947 Աղթամարի մէջ գործած Ամենայն Հայոց Հայրապետները՝ Ստեփանոս Բ. Ռշտունին, Թէոդորոս Ա. Ռշտունին եւ Եղիշէ Ա. Ռշտունին։ Կը յիշեմ Աղթամարայ Աթոռոյ գահակալները, միաբանները, վանականներն ու ժողովուրդը, որոնք հարիւրաւոր տարիներ դիտած էին Ս. Խաչ եկեղեցւոյ արտաքին պատերուն հիասքանչ քանդակները։ Կը յիշեմ նոյն զանգակատան ներքեւ կատարուած Միւռոնօրհնութեան նկարը, որուն ընթացքին գործածուած կաթսան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի թանգարանին մէջ եւս տեսնելու պատեհութիւնը ունեցեր էի։ Կը յիշեմ Վասպուրականի վանքերէն անցած Գարեգին Արք. Սրուանձտեանցը, որ քայլ առ քայլ անցնելով շրջանի սրբատեղիներէն անմահացուցած էր անունը Վասպուրականի վանքերուն։ Հապա ինչպէ՞ս չյիշել Վասպուրականի Արծիւին վերածուած Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Խրիմեան Հայրիկը, որ սնած է Աղթամարի ծովակից Լիմ եւ Կտուց անապատներուն մէջ։ Եկեղեցական մեծանուն առաջնորդներ են այս բոլորը, որոնց նման շատերուն յիշատակները կարծես կը յայտնուին Աղթամարի զանգակատան ներքեւ։

Իսկ, կայ նաեւ փառահեղ յիշատակը Վասպուրականի Րաբունիին՝ Ս. Գրիգոր Նարեկացի մեծանուն վարդապետին։ Այս պահուն յատկապէս կը հնչէ ականջներուս մէջ Վասպուրականի հովէն ու ծովէն ներշնչուած ու արտասուախառն պաղատանքով սաղմոսանման տողերով Աստուծոյ դիմած Ս. Գրիգոր Նարեկացիին աղօթքը. «Այո այո եւ ես մի եմ ի նոցանէ. եւ զիս ընկալ ընդ նոսին իբր մարդասիրութեան կարօտեալ մեծի, շնորհօք քո ապրեալ, զարեամբ Քրիստոսի ստացեալս»։ Եւ իր նմանողութեամբ «ի խորոց սրտի խօսք ընդ Աստուծոյ» նշանաբանով առ Աստուած մերձենալու տրամադրութեամբ դանդաղաշարժ քայլերով կ՚ուղղուիմ դէպի տաճար։ Հաւատացեալներ արտաքնապէս կը տեսնեն թափօր մը, որ կ՚ուղղուի դէպի տաճար, իսկ թափօրի մասնակիցներս պարուրուած ենք անտեսանելի խորհուրդներով։

Այս բոլորին մէջ կը մտածեմ, թէ ովքե՜ր եկան ու հիմնադրեցին այս տաճարը եւ ինչպիսի՞ փառաւոր արարողութեամբ Վասպուրականի Արծրունեաց թագաւորութեան հիմնադիր թագաւոր՝ Գագիկ Ա. թագաւորի ներկայութեամբ մատուցուեցաւ առաջին Ս. Պատարագը, Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ։ Կը մտածեմ, թէ որքա՜ն մեծ ոգեւորութիւն մը ստեղծած ըլլալու էր, մօտաւորապէս վեց տարի տեւողութեամբ կատարուած կառուցման աշխատութիւնները երբ աւարտած էին։ Արդեօք անոնք նախատեսա՞ծ էին, որ Աղթամարի բարձունքի Ս. Խաչ եկեղեցին պիտի դիմանար քանի քանի հարիւրամեակներու ճանապարհորդութեան ու պիտի հասնէր աւելի քան հազարամեայ պատմութեան տէր սրբավայրի մը։ Կը մտածեմ, թէ ճարտարապետութեամբ եզակի դարձած Ս. Խաչ եկեղեցին, ինչպէս հմայած էր առաջին այցելուները։ Իւրաքանչիւր քանդակին մէջ ինչպիսի՞ խորհուրդներ գտած էին Գագիկ Խաչիկ Արծրունի թագաւորն ու Արծրունեաց Տան անդամները։ Պատասխանը անհասանելի է մեզի, սակայն տեսնելով աւելի քան հազարամեայ եկեղեցւոյ շուրջ ստեղծուած անսովոր եռուզեռը, կը կարծեմ որ ամէն անգամ առաւել եւս մեծ ոգեւորութիւն մը կը ստեղծուի ուխտաւորներու անհատական ապրումներուն մէջ եւ սէրը, յուզումը, աղօթքը տեւաբար կը փսփսան ուխտաւորներու ականջներուն. Աղթամար, Աղթամար, Աղթամար…

Մենք եւս տարբեր չենք այն ուխտաւորներէն, որոնք եկած են այս սուրբ տաճարի պատմական կամարէն տարածուած փոշիներուն մէջ գտնել հոգեւոր վերանորոգութեան կանչը։ Հետեւաբար, տակաւին տաճար չմտած «Խորհուրդ խորին» շարականն ու հայեացք մը դէպի գմբէթ, կարողացաւ երկարաշունչ պատմութիւն մը յիշեցնել նուաստիս ու յայտնեց, թէ 2022-ի ուխտաւորներս եւս մաս կը կազմենք այս պատութեան արդի էջերուն մէջ։

Եւ ահա, թափօրը ուղղեցի դէպի տաճար եւ գոհութեան աղօթքներով բարձրացայ դէպի խորան հանդերձ սարկաւագօք։ Հայկական ճարտարապետութեամբ կառուցուած եկեղեցւոյ պատերուն վրայի որմնանկարները արդէն իսկ սկսած են հմայել զիս։ Առաքեալները, հայրապետները, հրեշտակները… Իւրաքանչիւր սիւնի վրայ, պատի վրայ բազմապիսի որմնանկարներ, որոնք իրարմէ գեղեցիկ եւ իրարմէ առինքնող են։

Իսկ միւս կողմէ, հայկական ճարտարապետութեամբ կառուցուած տաճարներու այլ յատկութիւնը զգալի կը դառնայ մեր մօտ։ Լոյսը կը ճառագայթէ բարձունքէն ու եկեղեցւոյ լուսամուտներէն անցնելով թէ՛ կը լուսաւորէ տաճարը եւ թէ՛ լուսաշող զօրութեամբ կը հմայէ լոյսի եւ յոյսի որդիներս։ «Խաղաղութիւն ամենեցուն» մաղթանքով ժողովուրդը օրհնելու պահուն ամէն անգամ նոյն լոյսն է, որ կը հասնի մինչեւ մեր մօտ, փոխանցելու համար հետեւեալ պատգամը. Լոյսէն դէպի լոյս ո՜վ Տէր Աստուած, լուսաւորէ մեր հոգիները, քու իմանալի լոյսով։ Այն լոյսը որ կը ճառագայթէ երկինքէն դէպի երկիր, թող մեզ հասցնէ նաեւ Երկնաւոր Հօր օրհնութիւնը որ պիտի փոխանցուի Ս. Պատարագի ճամբով…

Նախքան Տէրունական աղօթքը, Սրբազան Պատրիարք Հօր պատգամը կու գայ օրուան խորհուրդը ներկայացնելու բոլորիս առջեւ. «Այս տաճարը, Գագիկ Առաջինի օրով շինուած Մանուէլ ճարտարապետի հրաշագործ տաճարն է։ Հազար հարիւր տարիէ ի վեր ուրիշ բան չի կատարուիր հոս։ Միայն պաշտամունք։ Եկողները կը հասկնան, որ ուրիշ բան մը կայ հոս։ Երբ որ դուք կու գաք, ներս կը մտնէք, կ՚ազդուիք նկարներէն, քարերէն, ի զուր չէ ասիկա։ Հազար հարիւր տարի… Հոս աղօթք եղաւ։ Այդ բոլոր աղօթքները պատերուն քարերուն մէջը հետք թողուցին։ Այնպէս որ մենք կը հաղորդուինք մեր անցեալին հետեւաբար այդ հաղորդումին համար եկանք աշխարհի չորս կողմերէն»։ Սրբազան Պատրիարք Հօր խօսքերը լաւագոյնս կը պատկերացնեն մեր հոգեվիճակը եւ իր թելադրանքին յենլով մենք եւս ջանանք լսել հազարամեայ տաճարին մերթ աղաղակը եւ մերթ մրմունջը։ Ահա, այդ ձայնին մէջ թաքնուած է բազմապիսի յուզումներ եւ անհամեմատելի երջանկութիւններ։ Այդ ձայնին մէջ յստակ է սակայն, թէ պատմական տաճարը թէկուզ Վանայ ծովու ափին առանձին մնացած ըլլայ, առանց ժողովուրդի, կը ցնծայ այսօր մատուցուած Ս. Պատարագով եւ բազմաշատ ուխտաւորներու հիւրընկալ դառնալով։ Յստակ է, թէ տաճարը ունի փոխանցելի դասեր ու պատգամներ եւ պիտի գտնէ զինքը լսելու պատրաստ անձինք, որոնք ուշադրութեամբ մտիկ ընելու տրամադրութեամբ իրենց մտածումներն ու հայեացքը ուղղած են առ Աղթամար։ Յստակ է, թէ անցեալին կաթողիկոսներու հիւրընկալ դարձած տաճարին մէջ ներկայ է Հայոց Պատրիարքը, ի ձեռին ունենալով հովուապետական մականը եւ իր պատգամը կը փոխանցէ Աղթամարի կղզիէն ո՛չ միայն պոլսահայութեան, այլ նաեւ՝ համայն հայութեան։ Յստակ է, թէ տաճարը երջանիկ է, քանի Սահակեան դպրաց դաս-երգչախումբը ո՛չ միայն գեղաձայն երգեցողութեամբ այլ աղօթքի ներգրաւող միութեամբ կը փարատէ տաճարի առանձնական անձայնութիւնը։ Եւ այս մթնոլորտին մէջ, քաջատեղեակ եմ, թէ հանդերձ հոգեւորականօք, սարկաւագօք եւ դպրօք, պատարագիչին ձայնը եւս կ՚արձակուի դէպի դուրս Աղթամարի տաճարէն եւ խորհրդաբար կը տարածուի երբեմնի Վասպուրականի շրջակայքին։ «Օրհնեալ Հայր Սուրբ, Որդիդ Սուրբ, Հոգիդ Սուրբ Աստուած Ճշմարիտ. ամէն»։

Իսկ այս բոլորին մէջ ուշադրութիւնս կը գրաւէ աղաւնի մը, որ տեւաբար կը շրջի պատմական տաճարին մէջ։ Պահ մը կը սաւառնի ապա կը թառի լուսամուտներու կողքին մեր բոլորիս վերեւ։ Խաղաղութեան աղաւնին է սա, որ լոյսի կողքին տեւաբար կը շրջի եւ կը փորձէ կանգուն մնալ։ Խաղաղութեան վայրին մէջ կարծէք բնութիւնը արդէն իսկ ուղարկած էր խաղաղութեան խորհրդանիշը, որ տեւաբար իր թեւերով կը շարունակէր ներկայութիւնը զգալի դարձնել։ Իսկ արարողութեան աւարտին, արդէն իսկ քանի քանի աղաւնիներ պիտի արձակուին հոգեւորականներու ձեռամբ դէպի երկինք ու անոնք եւ որպէս խաղաղութեան բարեմաղթութեան տեսանելի ներկայութիւնը պիտի դառնան Աղթամարի մէջ։

Եւ ահա, արարողութեան վերջին պահը արդէն իսկ հասած է, եւ դպիրներ, սարկաւագներ, հոգեւորականներ Սրբազան Պատրիարք Հայրը կ՚առաջնորդենք դէպի բակը, ուր կը կատարուի «Անդաստան»ի արարողութիւնը։ Վանայ ծովու խորհրդաւոր կապոյտին եւ դիմացի լեռներուն ընդառաջ կը հնչէ «Ամէն. Ալէլուիա. Ալէլուիա. Ալէլուիա»։ Բնութեան մէջ նման արարողութիւն մը մեր մօտ կատարել անհնարին է։ Իսկ Աղթամարի ուխտագնացութիւնը առիթ կը ստեղծէ որ, իր խորհուրդով միայն Սեւանայ լիճի կողքին Սեւանավանքին մէջ կատարելի արարողութիւն մը, կրկնուի Վանայ լիճին մօտ։ Եւ խորհրդաւոր այս պահը իր աւարտին կը հասնի, «Անլռելի զանգակատան» ներքեւ Սրբազան Պատրիարք Հօր փոխանցած վերջին օրհնութեամբ։ Վերջին այս պահը այնքան նշանակալից է, քանի մեր Հոգեւոր Պետը իր օրհնութիւնը կը փոխանցէ ճիշդ այն վայրէն, ուր անցեալին կատարուած է Միւռոնօրհնութեան արարողութիւն եւ այս վայրէն օրհնութիւն փոխանցուած է Վասպուրականին։ Մինչ այդ աղաւնիներ կ՚արձակուին։ Հետեւաբար, նշանակալից վերջակէտով մը իր աւարտին կը հասնի հիասքանչ ուխտագնացութիւն մը։

Երբ ուխտագնացութիւնը աւարտին հասաւ, կը զգամ, թէ բոլորս բաւարարուած ենք Աղթամարի հոգեպարար ներկայութեամբ։ Կրկին անգամ տաճարը ո՛չ միայն մշակութային կոթող մըն է վասն մեր, այլ՝ վերածուած՝ անցեալը ներկային փոխանցող ապրող կամուրջ մը։ Կրկին անգամ փառք կու տանք Տիրոջ, որ առիթը ստեղծեց Աղթամարի սուրբ արմատներուն մէջ գտնել սրբութեան ու վերանորոգութեան զօրութիւնը։ Գացինք, տեսանք եւ այժմ կրկին անգամ բոլորս կը վկայենք, թէ Գագիկ թագաւորի հաստատած կոթողը կը շարունակէ խօսիլ ուխտաւորներուն եւ բոլորիս մաղթանքն է, որ ան մնայ անսասան ու կայուն, որպէսզի միշտ շարունակէ ներշնչել իր բոլոր ուխտաւորները։

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՎՐԴ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ

8 սեպտեմբեր 2022, հինգշաբթի
Գնալը կղզի

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 10, 2022