ՔԻՒՐՔՄԱՆ ՅԱՆՁՆԵՑ ՆՈՐ ԳԻՐՔԸ

Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց ընկերային ու տնտեսական նիւթերու պատմութեան յայտնի պրպտող Կարօ Քիւրքմանը։ Ինչպէս երէկ հաղորդած էինք, ան վերջերս հրատարակած է իր նոր գիրքը, որ կը վերաբերի Օսմանեան շրջանի արքունի հայ ոսկերիչներուն՝ 1853-1871 թուականներու ժամանակահատուածին։ Կարօ Քիւրքման Գումգաբու այցելեց ներկայացնելու համար իր նոր գիրքը։ Զրոյցի տեւողութեան ան բացատրութիւններ տուաւ իր հեղինակած հսկայական գործին շուրջ՝ անդրադառնալով երկար ուսումնասիրութիւններուն եւ պատրաստութեան փուլերուն։

Իր կարգին, նորին սրբազնութիւնը Կարօ Քիւրքմանին ջերմ շնորհաւորութիւններ յղեց նոր գիրքի հրատարակութեան կապակցութեամբ։ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան նաեւ գնահատեց, որ հեղինակը նախանձախնդրութիւն ցուցաբերած էր՝ գիրքի հրատարակութենէն անմիջապէս վերջ Պատրիարքարանի գրադարանին մէջ անկէ օրինակներու գտնուիլը ապահովելու ուղղութեամբ։ Փոխանցելով իր օրհնութիւնը՝ տեղապահ սրբազան հայրը Կարօ Քիւրքմանին յաջողութեան մաղթանքներ յղեց ապագայ գործունէութեան համար։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 10, 2019