ԱՇՈՏ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ ՄԵՐ ՄԷՋ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Հայաստանի Ճարտարապետներու միութեան նախագահ Աշոտ Գրիգորեանը, որ «Հայճար»ի կողմէ հրաւիրուած է քաղաքս։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ «Հայճար»ի սիւներէն Նազար Պինաթլը։
Հարկ է նշել, որ Աշոտ Գրիգորեանի կողմէ հեղինակուած՝ արքունի ճարտարապետներ Պալեան գերդաստանի վերաբերեալ ծաւալուն գիրքը վերջերս թարգման-ւած է թրքերէնի։ «Հայճար»ի նախաձեռնութեամբ այսօր երեկոյեան Ֆէրիգիւղի «Շիրինօղլու» սրահին մէջ նախատեսուած է թրքերէն հատորին շնորհանդէսը, որուն պատուոյ հիւրն է Աշոտ Գրիգորեան։ Ձեռնարկը կը հովանաւորէ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը։
Ուստի, գինեձօնին ընդառաջ, Նորին Ամենապատուութիւնը եւ Աշոտ Գրիգորեան ունեցան սիրալիր զրոյց մը։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը գնահատեց հեղինակին կողմէ տարուած աշխատանքը։ Իր կարգին, Աշոտ Գրիգորեանն ալ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր նուիրեց իր հեղինակած գիրքերէն օրինակներ։