ՈՉ ԵՒՍ Է ԼՈՒՍԱՆԿԱՐԻՉ ՄԱՆՈՒԷԼ ՉԸԹԱՔ
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ երէկ իր մահկանացուն կնքած է յայտնի լուսանկարիչ Մանուէլ Չըթաք։ Իր յանկարծական մահը ցնցում պատճառած է բոլոր սիրելիներուն՝ քանի ան իսկապէս անժամանակ հրաժեշտ առած է կեանքէն։
Մանուէլ Չըթաք 1962 թուականին ծնած է Մալաթիոյ մէջ։ Ընտանիքին հետ հաստատուած էր Իսթանպուլ, ուր ստացած էր իր կրթութիւնը։ Նախ աւարտած էր Սեն-Միշել ֆրանսական լիսէն, իսկ աւելի վերջ վկայուած էր «Միմար Սինան» գեղարուեստից համալսարանի կրաֆիքի բաժնէն։ Համալսարանական տարիներէն սկսեալ ներգրաւուած էր լուսանկարչական աշխատանքներուն։ Թուրքիոյ զանազան քաղաքները կատարած ուղեւորութիւններուն ժամանակ իր ոսպնեակով որսած դրուագները արժանացած էին համատարած գնահատանքի եւ իր առջեւ աստիճանաբար ճանապարհ հարթած էին՝ վարպետ լուսանկարիչներու շարքին դասուելու տեսակէտէ։ Մանուէլ Չըթաք մարդակեդրոն լուսանկարահանութեան դպրոցին հետամուտ էր եւ մասնաւորապէս իր դիմանկարներով ուշադրութիւն կը գրաւէր։
Մանուէլ Չըթաք ամուսնացած էր գրող Շեպնեմ Իշիկիւզելի հետ։ Երկու զաւակներու հայր էր՝ Թամար եւ Արարատ։ Մասնակցութիւն բերած էր նաեւ Կեդրոնական վարժարանին կողմէ հաստատուած միջլիսէական լուսանկարչական մրցոյթի նախաձեռնութեան, որու հիմքերը լուսահոգի Արա Կիւլէրի հետ դրուած էին։ Մանուէլ Չըթաք այդ նախագծին մաս կազմած էր՝ որպէս դատակազմի անդամ։
Նորոգ հանգուցեալ Մանուէլ Չըթաք վաղը պիտի յուղարկաւորուի Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցիէն։