«ԱՐԱՍ» ԱՅՍ ՏԱՐԻ ԵՒՍ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ TÜYAP-Ի ԳՐՔԻ ՏՕՆԱՎԱՃԱՌԻՆ
TÜYAP-ի Պէյլիքտիւզիւի համալիրէն ներս այս շաբաթավերջին պիտի բացուի Իսթանպուլի 35-րդ գիրքի տօնավաճառը, որ պիտի շարունակուի մինչեւ Նոյեմբերի 20-ը։ Տօնավաճառին այս տարի եւս կը մասնակցի «Արաս» հրատարակչութիւնը, որու տաղաւարը պիտի գտնուի համալիրի երրորդ սրահէն ներս՝ 603 D։
Ինչպէս միշտ, այս տարի եւս «Արաս»ի տաղաւարին այցելուները հնարաւորութիւն պիտի ունենան լաւ ընտրանի մը գտնելու։ Անցեալ տարուան տօնավաճառէն ի վեր հրատարակչատունը մօտաւորապէս քսան նոր գիրքեր հրատարակած է։ Գրասէրները «Արաս»ի տաղաւարին մօտ պիտի շփուին զանազան հեղինակներու հետ. օրինակ՝ Զապէլ Եսայեան, Ռանըլտ Սիւնի, Ռիչըրտ Յովհաննիսեան, Անդրանիկ Ծառուկեան, Տ. Շաւարշ Քհնյ. Պալըմեան, Էրհան Արըք, Անա Արզումանեան, Շահան Շահնուր, Նիքոլայ Մարր, Միշէլ Մարիան, Անթուան Տը Սեն թ՚Էկզիւփերի, Սուզըն Փեթի, Մկրտիչ Մարկոսեան եւ այլք։
Տօնավաճառին շրջագծով ընթերցողներու տրամադրութեան տակ կը դրուին մասնաւորապէս չորս նոր գիրքեր, որոնցմէ մին է Մկրտիչ Մարկոսեանի վերջին գործը՝ «Tanrı’nın Seyir Defteri»։ «Արաս» անցեալ տարի Զապէլ Եսայեանի «Meliha Nuri Hanım» գործով դիմաւորած էր տօնավաճառը, իսկ այս տարի իր տաղաւարին այցելուներուն պիտի հրամցնէ նոյն հեղինակին «Sürgün Ruhum» անուն գործը։ Ռիչըրտ Յովհաննիսեանի «Bitlis ve Muş» հատորէն վերջ գրասէրներու տրամադրութեան տակ կը դրուի նաեւ «Van» հատորը, որ կը բովանդակէ 14 յօդուածներ պատմական Վան-Վասպուրականի շրջանին մասին։ Ընթերցասէրներու տրամադրութեան տակ պիտի դրուի նաեւ Ռանըլտ Սիւնիի վերջին ուսումնասիրութիւնը, որ կը կոչուի «Ancak Çölde Yaşayabilirler»։
Այս բոլորին առընթեր «Արաս» վերջերս հրատարակած է նաեւ երկու նոր գիրք եւս։ Այդ գիրքերէն մին է սփիւռքահայ գրականութեան դասականներէն Անդրանիկ Ծառուկեանի «Մանկութիւն չունեցող մարդիկ» գործին թրքերէն թարգմանութիւնը։ Թարգմանիչն է Քլեմանս Զաքարեան-Չելիք։ Գիրքը հրատարակուած է Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի աջակցութեամբ։
«Արաս» լոյս ընծայած է նաեւ «Թութա՞կ ես, ծօ՛» գիրքը, որու հեղինակն է Ուիլիըմ Սարոյեան։ Այս վերջինը Ի. դարու համաշխարհային գրականութեան դասական արձակագիրներէն մին է։ Միացեալ Նահանգներու հեռաւոր անկիւնները ան կ՚որսայ պարզ մարդոց կեանքեր ու զանոնք կը վերածէ եզակի պատմութիւններու։ Իւրաքանչիւր պատմուածք ուրոյն դէմք մը կը ներկայացնէ՝ երբեմն ծիծաղաշարժ, սակայն խորքին մէջ նաեւ քիչ մը տխուր։ Հատորը պատրաստուած է Սարոյեանի 1994-ին Պէյրութի մէջ Արամ Սեփեթճեանի խմբագրութեամբ, Մաքրուհի Շէօհմելեանի մեկենասութեամբ, «Սիփան» հրատարակչատան կողմէ հրատարակուած «Պատմուածքներ»ու երկրորդ հատորին հիման վրայ։
Այս երկու գիրքերուն ալ կողքերը պատրաստուած են Արէտ Կըճըրի կողմէ։