ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏԻՑ ՀԱՒԱՔ
Գարակէօզեան Տան ընտանիքի անդամները շաբաթավերջին վերամիաւորուեցան աւանդական անբացատրելի ապրումներով, միեւնոյն ժամանակ ոգեկոչեցին հաստատութեան երախտաշատ ու բարեյիշատակ հիմնադիրը։ Գարակէօզեանի շրջանաւարտից հաւաքը համախմբեց զանազան սերունդներէ ընթացաւարտներ, որոնք ապրեցան զիրար վերագտնելու եւ հերթական անգամ իրենց վարժարանի մթնոլորտը շնչելու երջանկութիւնը։
Շրջանաւարտից օրուան ծրագիրը սկսաւ Շիշլիի գերեզմանատան մէջ, ուր մասնաւոր հոգեհանգստեան պաշտօն մը կատարուեցաւ հանգուցեալ Տիգրան Էֆէնտի Գարակէօզեանի շիրմին վրայ։ Տ. Մինաս Քհնյ. Ճիհանկիւլեանի գլխաւորութեամբ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօնը, որուն ներկայ գտնուեցան Խնամակալութեան ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլ եւ իր ընկերները, վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Գարուն Գովան, տնօրէնուհի Արուսեակ Մոնէ, աշակերտներ եւ ուսուցչական կազմէն ներկայացուցիչներ։
Ոգեկոչումէն վերջ խումբը գերեզմանատունէն ուղեւորուեցաւ դէպի վարժարան, ուր միացաւ շրջանաւարտից հաւաքին մասնակից աւելի մեծ թիւով գարակէօզեանցիներու հետ։ Լուբիայի օրուան շրջագծով վարժարանի ճաշարանին մէջ գարակէօզեանցիները համախմբուեցան սեղաններուն շուրջ, իսկ աւելի վերջ «Վահան Գարթալլըօղլու» սրահի երդիքին տակ սկսաւ օրուան յայտագրին գործադրութիւնը։ Ելոյթներով հանդէս եկան Տիգրան Կիւլմէզկիլ եւ Արուսեակ Մոնէ, որոնք ջերմ արտայայտութիւններով ողջունեցին գարակէօզեանցիները եւ բացատրութիւններ տուին հաստատութեան այսօրուան վիճակին շուրջ։ Շրջանաւարտներու օրը, իր ամբողջին մէջ, այս տարի կազմակերպուած էր տարբեր ձեւաչափով մը, տարբեր մտայնութիւնով մը՝ վարժարանի եւ անոր սաներու վերաբերեալ յիշողութեան թարմացման միտումով։ Սա հետաքրքրական մթնոլորտ մը ստեղծած էր, որովհետեւ շրջանաւարտից հաւաքը վերածուած էր եզակի առիթի մը՝ Գարակէօզեան Տան պատմութեան հաղորդ դառնալու տեսանկիւնէն։ Երաժշտութեան ուսուցչուհի Գարին Սուսմաքի մականին ներքեւ աշակերտներուն կողմէ ներկայացուած խմբերգները ձօնուեցան Տիգրան Էֆէնտի Գարակէօզեանի յիշատակին։ Աւելի վերջ ներկայացուեցաւ յատկանշական ու իսկապէս յաջող տեսաերիզ մը, որու մէջ պաստառի վրայ տողանցեցին Գարակէօզեանի զանազան շրջանաւարտներ, որոնք պատմեցին իրենց յուշերը եւ ներկաները այդ յուշերուն միջոցաւ հնարաւորութիւն ունեցան պատկերացնելու հաստատութեան զանազան շրջաններու իրականութիւնը, դիմագրաւած դժուարութիւնները եւ յարափոփոխ ժամանակներու մէջ արձանագրած ելեւէջները։
Օրուան յայտագրի սրահի մէջ գործադրուած բաժնէն վերջ, շրջանաւարտից հաւաքին մասնակիցները արդէն առաջնորդուեցան դպրոցի շէնքը, որ ինքնին յարդարուած էր մեծ ցուցահանդէսի մը ձեւաչափով։ Պատերուն վրայ կախուած էին մեծադիր խմբանկարներ, ուր գարակէօզեանցիները կը գտնէին ինքզինքնին եւ իրենց ընկերները, հաստատութեան այդ շրջանի պատասխանատուներէն եւ պաշտօնէութենէն դէմքեր։ Շատ յատկանշական էր մանաւանդ վարժարանի պատմական շէնքէն ներս շրջանաւարտից հաւաքին շարժառիթով վերաբացուած բաղնիքի բաժինը՝ երբեմնի մթնոլորտին նման յարդարանքով։ Այնտեղ եւս ներկայացուած էին մեծադիր լուսանկարներ, մինչ այսօրուան աշակերտութեան ներկայացուցիչները «Նամակներ անցեալին» կարգախօսով իրենց երախտագիտութեան զգացումներուն առարկայ կը դարձնէին հանգուցեալ Տիգրան Էֆէնտի Գարակէօզեանը։ Դարձեալ բաղնիքի բաժնէն ներս կատարուեցաւ նաեւ պարքովիզիոնի ցուցադրութիւն մը, որ թէեւ ամփոփ, բայց խօսուն դրուագներ կը ցոլացնէր հաստատութեան անցեալէն ու կը կրկնուէր անընդհատ։ Օրուան յայտագիրը կ՚ընդգրկէր նաեւ շրջանաւարտներու յուշեր, անցեալէ դրուագներէ վերյիշումներ եւ նախկին տնօրէններու օրագրութիւններէն էջեր։ Ամենակարեւորներէն մին այն էր, որ հին շրջանաւարտները կը վերյիշէին հին խմբանկարներու մէջ ցուցահանդէսի կազմակերպիչներուն համար անյայտ մնացած զանազան դէմքերու անունները եւ այսպէսով կարծես Գարակէօզեանի պատմութիւնը, անցեալը կը վերակենդանանար՝ նոյնինքն շրջանաւարտներու վկայութիւններով, յուշերով։
Բոլոր գարակէօզեանցիները խորապէս տպաւորուած էին այս եզակի մթնոլորտին մէջ, ուստի անոնց հնարաւորութիւն ընձեռուեցաւ, որպէսզի իրենց տպաւորութիւնները արձանագրեն մասնաւոր մատեանի մը մէջ։ Նկարահանումներու համար ալ մասնաւոր անկիւն մը պատրաստուած էր եւ գարակէօզեանցիները այնտեղ նկարահանուեցան՝ տակաւին երկար տարիներ իրարու հետ միասնականութիւն վայելելու մաղթանքով։
Շրջանաւարտից օրուան կազմակերպման ուղղութեամբ իրենց մատուցած տուեալներով կամ այդ բոլորը մատուցելու առումով պատասխանատուութիւն ստանձնած էին՝ Անդրանիկ Տուփինեան, Թեքին Տեմիրճեան, Մուրատ Պիլիր, Արմենակ Էօզգալայճը, Զաքարիա Միլտանօղլու, Արթին Քիլեճի, Մուրատ Ճաւաք, Մինաս Օֆլազ եւ Ասլը Շեքերճի։