ՀԱՄԱՅՆՔԻՆ ԲԱՐԵՄԱՂԹԱՆՔՆԵՐ

Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Սահակ Սարգսեան երէկ տարեմուտի շնորհաւորութեան համար այցելեց Պատրիարքարան։ Ս. Ծնունդի եւ Աստուածայայտնութեան տաղաւարին առթիւ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան կը շարունակէ ընդունիլ շնորհաւորութեան այցելութիւններ։ Երէկուան օրը յատկացուած էր դիւանագէտներու, տեղական ինքնակառավարման մարմիններու, հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու, նաեւ կուսակցական-քաղաքական դէմքերու համար, որոնք Գումգաբու այցելեցին եւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր անձին մէջ շնորհաւորութիւններ ու բարեմաղթանքներ յղեցին թրքահայ համայնքին։ Այս ամբողջին մէջ առանձնացաւ Սահակ Սարգսեանը, որովհետեւ ան քաղաքիս մէջ դիւանագիտական առաքելութիւնը աւարտելու վրայ է եւ շուտով պիտի գործուղղուի Ատիս Ապապա՝ դեսպան նշանակուած ըլլալով Եթովպիոյ մէջ։

Նորին Ամենապատուութեան կողքին էին Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, հոգեւորականաց դասէն ներկայացուցիչներ եւ համայնքային վարիչներ։

Օրուան տեւողութեան Պատրիարքարան այցելութեան փութացած անձնաւորութիւններու շարքին էին ԱՔ կուսակցութեան Իսթանպուլի երեսփոխան իրաւաբան Սերքան Պայրամ, Կղզեաց քաղաքապետ Էրտէմ Կիւլ, եւ այլք։

Հինգշաբթի, Յունուար 11, 2024