ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷԻՑ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՕՐԱՑՈՅՑԻ ԾԱՆՕԹԱՑՄԱՆ ՀԱՒԱՔՈՅԹ

Թուր­քիոյ Կա­թո­ղի­կէ Հա­յոց Վի­ճա­կա­ւոր Տ. Լե­ւոն Արք. Զէ­քիեա­նի օրհ­նու­թեամբ, ա­ռաջ­նոր­դու­թիւ­նը այս տա­րի հրա­տա­րա­կած է պա­տի օ­րա­ցոյց մը։ Ե­րէկ, Հայ կա­թո­ղի­կէից ար­քե­պիս­կո­պո­սա­րա­նին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ մաս­նա­ւոր հա­ւա­քոյթ մը, ո­րու նպա­տակն էր այս պաշ­տօ­նա­կան օ­րա­ցոյ­ցին ծա­նօ­թա­ցու­մը։ Հարկ է նշել, որ այս օ­րա­ցոյ­ցը նկա­րա­զար­դուած է Իս­թան­պու­լի հայ կա­թո­ղի­կէ ե­կե­ղե­ցի­նե­րու լու­սան­կար­նե­րով։ Այդ դրուագ­նե­րը նկա­րա­հա­նուած են ծա­նօթ ու փոր­ձա­ռու ա­նու­նի մը՝ մամ­լոյ յայտ­նի լու­սան­կա­րիչ Կար­պիս Էօ­զա­թա­յի կող­մէ։

Ե­րէ­կուան ծա­նօ­թաց­ման հա­ւա­քոյ­թը նա­խա­տե­սուած էր մամ­լոյ ա­սու­լի­սի մը ձե­ւա­չա­փին մէջ։ Ա­տե­նա­խօս­ներն էին՝ Հայր Վար­դան Ծ. Վրդ. Գա­զան­ճեան, Կար­պիս Էօ­զա­թայ, Նա­րօտ Մի­նա­սեան եւ Է­լէ­նա Ա­սի­յէ Թան­յէր։ Բա­ցի մամ­լոյ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րէն, հա­ւա­քոյ­թին մաս­նակ­ցե­ցան նաեւ Հայր Աբ­րա­համ Ծ. Վրդ. Ֆրա­տեան, Տէր Յա­կոբ Սրկ. Մի­նա­սեան, Սուրբ Յա­կոբ հի­ւան­դա­նո­ցի հո­գա­բար­ձու­թե­նէն Իւ­միտ Քու­յում­ճու եւ հայ կա­թո­ղի­կէ հա­սա­րա­կու­թեան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րէն վար­չա­յին­ներ։

Հայր Վար­դան Ծ. Վրդ. Գա­զան­ճեան հա­ւա­քոյ­թի բաց­ման պատ­շաճ ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րով ող­ջու­նեց ներ­կա­նե­րը։ Ան մատ­նան­շեց, որ այս օ­րա­ցոյ­ցին հրա­տա­րա­կու­մը մաս կը կազ­մէ այն մշա­կու­թա­յին ծրագ­րե­րու շար­քին, ո­րոնք յա­ռաջ կը տա­րուին Զէ­քիեան Գե­րա­պայ­ծա­ռին կող­մէ։ Ըստ ի­րեն, սա նաեւ հա­ղոր­դակ­ցու­թեան մի­ջոց մըն է թէ՛ ներ­քին բնոյ­թով՝ հայ կա­թո­ղի­կէ հա­սա­րա­կու­թեան հա­մար եւ թէ ընդ­հան­րա­պէս միւս հա­մայնք­նե­րու հետ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն ա­ռու­մով։ Ար­դա­րեւ, 15 մե­ծա­դիր է­ջե­րէ բաղ­կա­ցեալ օ­րա­ցոյ­ցը կ­­՚ընդգր­կէ հայ կա­թո­ղի­կէ հա­սա­րա­կու­թեան ե­կե­ղե­ցի­նե­րուն եւ հաս­տա­տու­թիւն­նե­րուն ցու­ցա­կը՝ հա­ղոր­դակ­ցու­թեան տուեալ­նե­րով հան­դերձ։ 500 տպա­քա­նա­կով հրա­տա­րա­կուած օ­րա­ցոյ­ցը նաեւ կը ծա­նօ­թաց­նէ Իս­թան­պու­լի 12 հայ կա­թո­ղի­կէ ե­կե­ղեցինե­րը։ Ո­րոշ օ­րի­նակ­ներ ու­ղար­կուած են նաեւ գա­ւառ։

Ա­սու­լի­սի ըն­թաց­քին հա­կիրճ ար­տա­յայ­տուե­ցաւ նաեւ Կար­պիս Էօ­զա­թայ, որ նուա­ճած է զա­նա­զան պար­գեւ­ներ։ Ան յայտ­նեց, որ մամ­լոյ կեան­քէն ներս աշ­խա­տան­քը թէեւ ա­ւար­տած է, սա­կայն լու­սան­կար­չու­թեան հետ կա­պը չէ խզած։ Ուս­տի այս շրջա­նին ի­րեն տե­սա­կէ­տէ հե­տաքրք­րա­կան ու սրտա­մօ­տիկ ե­ղած է Ար­քե­պիս­կո­պո­սա­րա­նի այս ծրա­գի­րը եւ ձեռ­նար­կած է հայ կա­թո­ղի­կէ ե­կե­ղեց­ի­նե­րու նկա­րա­հան­ման գոր­ծին։

Մեր կող­մէ նշենք, որ Կար­պիս Էօ­զա­թա­յի աշ­խա­տան­քը ու­նե­ցած է փայ­լուն ար­դիւնք, որ կը պայ­մա­նա­ւո­րէ երկ­լե­զու այս օ­րա­ցոյ­ցին բարձր ո­րա­կը։

Միւս կող­մէ, ե­րէ­կուան մամ­լոյ ա­սու­լի­սին ըն­թաց­քին տե­ղե­կա­ցուե­ցաւ, որ պատ­րաս­տու­թիւն­նե­րու ձեռնար­կուած են՝ որ­պէս­զի Ար­քե­պիս­կո­պո­սա­րա­նը ու­նե­նայ նաեւ իր հա­մա­ցան­ցա­յին կայ­քէ­ջը։

Շաբաթ, Փետրուար 11, 2017