ՍՈՒՐԲ ԳԱՅԻԱՆԷ ՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ ՊՈԼՍԱՇՈՒՆՉ ՅԻՇԱՏԱԿՈՒԹԻՒՆ

Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարի բարեզարդման աշխատութիւնները ներկայիս կը շարունակուին մեծ թափով։ Իսկ այս շրջանին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի բարձր հովանաւորութեամբ, միաբանութեան անդամ եպիսկոպոսներու, վարդապետներու, սարկաւագներու մասնակցութեամբ եւ Մայր Աթոռի երգչախումբի երգեցողութեամբ կիրակնօրեայ արարողութիւնները տեղի կ՚ունենան Ս. Գայիանէ վանքին մէջ։ Այս մէկը առիթ կը դառնայ, որ Մայր Աթոռը իր ողջ կազմով գիրկընդխառնուի հաւատացեալ ժողովուրդին հետ ի Ս. Գայիանէ։

Նոյեմբեր ամսուն կէսէն սկսեալ երբ բազմիցս այս տաճարին մէջ մասնակցեցայ արարողութիւններուն, առիթը ունեցայ աւելի հետաքրքրութեամբ դիտել պատմական տաճարը եւ իր մասին առաւել եւս տեղեկութիւններ ստանալ։ Իսկ, կիրակի առաւօտ մատուցած Ս. Պատարագս առիթ եղաւ, որ ցայսօր տեսածներս ամփոփեմ եւ տաճարը պոլսական աչքով ներկայացնեմ նաեւ իր արտաքինով ու պատմականով։

Ս. ԳԱՅԻԱՆԷ ՎԱՆՔԸ

Այս առթիւ նախ կը թղթատեմ Արժ. Տ. Արարատ Քհնյ. Պօղոսեանի կողմէ 2015-ին հրատարակութեան պատրաստուած «ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾԻՆ. Թանգարան բաց երկնքի տակ» պատկերազարդ ուղեցոյցը, որուն մէջ հետեւեալ ձեւով կը ներկայացուի Ս. Գայիանէ վանքի պատմականը.

«Ս. Գայիանէ եկեղեցին կառուցուած է 630-ին, Եզր Ա. Փառաժնակերտցի Կաթողիկոսի օրով՝ Գայիանէ Մայրապետի մատուռ վկայարանին վրայ, զոր հիմնուած է դեռեւս 301-ին՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի կողմէ։ Ծառայած է որպէս նահատակ կոյսերու աճիւնները ամփոփող դամբարան աղօթատուն։ 630-ին փոքր եւ խունացած վկայարանի տեղը հոյակերտ ու լուսաւոր վանք մը կառուցուած է։ Վանքը իր պատմութեան ընթացքին փոփոխութիւններու երթարկուած է։

«Առայժմ յայտնի չէ, թէ ինչպիսի տեսք մը ունեցած է տաճարը մինչեւ 1653-ին Փիլիպպոս Ա. Աղբակեցի Կաթողիկոսի ձեռնարկած վերանորոգութիւնները։ Վերջինս շարք մը շինարարական աշխատանքներէն յետոյ նորոգել տուած է Աւագ Խորանի ներքեւը գտնուող մատուռն ու Ս. Սեղանը։ Շուրջ քսանհինգ տարի յետոյ վանքը դարձեալ վերանորոգուած է՝ այս անգամ Եղիազար Այնթապցի Կաթողիկոսի կողմէ։ Փոփոխութեան ենթարկուած է նաեւ գմբէթի վեղարը, մասամբ՝ թմբուկը։ Վանքի արեւմտեան կողմը 1688-ին կառուցուած է ընդարձակ ու գեղեցիկ եռակամար գաւիթ-նախասրահը, կառուցուած են վանական խուցերն ու տնտեսատունը։ Յակոբ Ե. Շամախեցի Կաթողիկոսը նորոգած է վանքի գաւիթը։ Սիմէոն Կաթողիկոս Երեւանցիի օրով՝ 1764-ին, տաճարի արեւմտեան կողմը կառուցուած է «մաղացայ» կոչուած ստորգետնեայ շինութիւնը, զոր ծառայած է իբրեւ նկուղ սառցարան։ Յաջորդ նշանակելի վերանորոգութիւնը կատարուած է արդէն Գէորգ Դ. Կոստանդնուպոլսեցի Կաթողիկոսի օրով, երբ վանահայր նշանակուած է Վահան Վարդապետ Պաստամեանցը։ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Խրիմեան Հայրիկի օրով վերանորոգուած է վանքի տանիքն ու յատակը։ Վազգէն Ա. Հայրապետի ժամանակաշրջանին վերանորոգումները շարունակուած են։ Վանքը վերանորոգող երախտաւոր հայրապետներէն է Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը։ Վերանորոգչական աշխատանքները սկսած են 2004-ին։

«Վանքը միջնադարեան կրօնական ու գիտնական նշանաւոր կեդրոն եղած է։ Իսկ, 2000-ին ընդգրկուած է ԻՒՆԷՍՔՕ-ի համաշխարհային ժառանութեան ցանկին մէջ»։

ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ԵՐԱՆԱՇՆՈՐՀՆԵՐԸ

Ս. Գայիանէ վանքը ունի նաեւ ներկայանալի գերեզմանատուն մը, որ կ՚ընդգրկէ չորս հաստուածներ, որոնց բարեզարդման աշխատութիւններուն ձեռնարկուած է 2006-ին։ Չորս հատուածներէն երեքը կը գտնուի վանքի արեւմտեան, իսկ միւսը արեւելեան բաժնին մէջ։ Գերեզմանատան մէջ հիմնականին թաղուած են հոգեւորականներ, որոնց շարքին են նաեւ ամենայն հայոց կաթողիկոսներ։ Իրենց պատկառազդու յօրինուածքով կը ներկայանան Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսներ՝ Աբրահամ Բ. Խոշաբեցիի, Ղազար Ա. Ջահկեցիի, Մինաս Ա. Ակնեցիի, Յակոբ Ե. Շամախեցիի (1759-1763), Սիմէոն Ա. Երեւանցիի, Ղուկաս Ա. Կարնեցիի, Դաւիթ Ե. Էնէգեթցիի, Մատթէոս Ա. Չուխաճեանի, Եղիազար Ա. Այնթապցիի, Ներսէս Եպսկ. Արծկեցիի (1721), Յովսէփ Արք. Արղութեանի (1801), Բարսեղ Արքեպիսկոպոսի (1812), Վարդան Աբովեանի (1840-1896) եւ Տիրամայր Սիրանոյշ Պալճեանի (1884-1974) դամբարանները։

Այս առթիւ լաւ կ՚ըլլայ լուսարձակի տակ առնել վերեւ յիշուած անուններէն ոմանք, որոնք Պոլսոյ եւ կամ Զմիւռնիոյ մէջ եւս յատուկ յիշատակներ թողած են եւ պոլսեցիի մը ներկայութիւնը առիթ կը դառնայ, որ իրենց կենսագրականին մէջ թաքնուած յիշատակներէն ոմանք վերանշուին։ 

Եղիազար Ա. Այնթապցի Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս (1681-1691). Հայ Եկեղեցւոյ ամենէն հետաքրքրական դէմքերէն եղած է, զոր ժամանակ առ ժամանակ եղած է թէ՛ Ս. Երուսաղէմի պատրիարքի, թէ՛ Կ.Պոլսոյ պատրիարքի, թէ՛ հակաթոռ կաթողիկոս եւ թէ հուսկ՝ ամենայն հայոց կաթողիկոս։

Այնթապցին, զոր ծանօթ է նաեւ Հռովմկլացի յորջորջումով, 1649-ին, Ս. Երուսաղէմի Աստուածատուր Պատրիարքը գահընկէց կ՚ընէ, սակայն տարին չբոլորած կը ժամանէ Պոլիս։ Իր քարոզխօսական կարողութիւնն ու հռչակը այնքան զօրաւոր կ՚ըլլան, որ թափուր մնացած Պոլսոյ Պատրիարքութեան մէջ կը կոչուի պատրիարք։ Այս կեցութիւնը եւս երկարատեւ չ՚ըլլար եւ հազիւ տարի մը յետոյ կը հրաժարի Պոլսոյ պատրիարքութենէն։ Իր ծառայութեան վայրերուն մէջ միշտ ծանօթ դարձած է նիւթական զօրութեամբ եւ շինարարական կարողութեամբ։ Այս առումով Ս. Երուսաղէմի իրաւունքները կը պաշտպանէ եւ նոյնիսկ Կայսերական հրովարտակով վանքը բռնագրաւումէ կ՚ազատէ։ Յաջորդող տարիներուն իր իշխանութիւնը օգտագործելով հրովարտակով  կը հռչակուի կաթողիկոս եւ Հալէպի Ս. Քառասուն Մանկունք եկեղեցւոյ մէջ Կիլիկիոյ Խաչատուր Կաթողիկոսի ձեռամբ կը ստանայ օծում։ Այս մէկը բախում կը յառաջացնէ Ամենայն Հայոց Յակոբ Ջուղայեցի Կաթողիկոսի եւ Եղիազար Այնթապցիի միջեւ։

Ինք Ս. Երուսաղէմի մէջ նաեւ կը հաստատէ Ս. Էջմիածին մատուռ մը, ուր Միւռոնօրհնութիւն իսկ կը կատարէ։ Այս շրջանին կը փափաքի Ս. Երուսաղէմի եւ Կ.Պոլսոյ աթոռները համախմբել իր իշխանութեան ներքեւ։ Երկարատեւ բախումներէ յետոյ, երբ Յակոբ Կաթողիկոս կը վախճանի, Ս. Էջմիածնի միաբանութիւնը հաւանութիւն կը յայտնէ, որ Եղիազար Այնթապցի ժամանէ Մայր Աթոռ եւ իրենց աւարտին հասնին բախումները ու ինք ստանձնէ ամենայն հայոց հայրապետութիւնը։ Այլապէս, պաշտօնի կոչուելէ յետոյ, մինչեւ իր վախճանումը շինարարական կարեւոր ձեռնարկներ կը կատարէ Ս. Էջմինածնի համալիրին մէջ։ Յատկապէս Մայր Տաճարը բարեզարդումներու կ՚ենթարկուի։

Աբրահամ Բ. Խոշաբեցի Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս (1730-1734). եղած է Բաղեշի Ամրտոլի վանքի միաբանը, իսկ յաջորդիւ՝ Մշոյ Ս. Կարապետ վանքի նուիրակ ու վանահայր։ Բաղեշի մէջ ժամանակակից եղած է Պոլսոյ Յովհաննէս Կոլոտ Պատրիարք Բաղիշեցիին։ Առ այդ, ընդունուելով առաքինի անձ, աղօթասէր ու տօնակատար, զօրակցութեանը արժանացած է Յովհաննէս Կոլոտ Պատրիարքին եւ Ս. Երուսաղէմի Գրիգոր Շղթայակիր Պատրիարքին ու ընտրուած՝ ամենայն հայոց կաթողիկոս։ Իր շրջանին Ս. Էջմիածնի եւ շրջակայքի վանքերն ու եկեղեցիները բարեզարդել փորձած է։

Ղազար Ա. Ջահկեցի Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս (1737-1751). թողած է յիշատակ ի Պոլիս, քանի նախքան կաթողիկոս ընտրութիւնը, որպէս հայրապետական նուիրակ անցած է Ամասիոյ, Եւդոկիոյ, Կեսարիոյ, Նիկոմիդիոյ, Պրուսայի, Զմիւռնիոյ շրջաններէն եւ հասած՝ Պոլիս։ Ինք Պոլսոյ մէջ կը հիւրընկալուի նաեւ Պոլսոյ Յովհաննէս Կոլոտ Պատրիարքի կողմէ։

Իր ճարտասանութեամբ նուիրակութեան պարտականութեան ընթացքին արժանացած է մեծ համակրանքի։ Աբրահամ Գ. Կաթողիկոս Կրետացիի վախճանումէն յետոյ, երբ Երուսաղէմի Գրիգոր Շղթայակիր Պատրիարք կը հրաժարի թեկնածութենէն, ընտրութիւնը կը կեդրոնանայ իր անձին շուրջ եւ Զմիւռնիայէն կ՚ուղղուի դէպի Էջմիածին ու կը բարձրանայ կաթողիկոսական գահ։ Իր գլուխ գործոցը կը դառնայ հայոց Վեհարանի կառուցումը։

Մինաս Ա. Ակնեցի Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս (1751-1753). եղած է Բաղեշի Ամրտոլի վանքի աշակերտը, դարձած է Մշոյ Ս. Կարապետ վանքի միաբան եւ ապա՝ առաջնորդ։ 1749-ին ընտրուած է Կ.Պոլսոյ Պատրիարք։ Հազիւ երկու տարուայ գահակալութեան շրջանին, զօրացուցած է Պոլսոյ եւ Ս. Երուսաղէմի պատրիարքութիւններու դիրքերը։ Նպաստած է, որ Յովհաննէս Կոլոտ Պատրիարքի աշակերտներէն Պոլսոյ Յակոբ Պատրիարք Նալեան դառնայ Ս. Երուսաղէմի պատրիարք։ Կը ներկայացուի որպէս հեզահոգի, քաղցրաբարոյ եւ աստուածահանճար վարդապետ։ Կարճատեւ պատրիարքութեան շրջանէ յետոյ կ՚ընտրուի ամենայն հայոց կաթողիկոս եւ Ս. Էջմիածնի միաբանութեան զօրացման փափաքով կը գործէ։ Սակայն կարճատեւ կը մնայ իր շրջանը։

Սիմէոն Ա. Երեւանցի Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս (1763-1780). նախքան եպիսկոպոս ձեռնադրութիւնը որպէս նուիրակ պաշտօնավարած է ի Պոլիս։ Ինք թողած է գրական մեծ ժառանգութիւն, սակայն իր անունին հետ առընչուած մեծագոյն յիշատակն է Հայ Եկեղեցւոյ հաւատացեալներուն այնքան հարազատ ու սիրուած «Տէր ողորմեա… Արի Աստուած…» աղօթքը, որ երգուած է իր կողմէ եւ յաջորդիւ՝ այնքան սիրուած է, որ ներմուծուած է նաեւ Ս. Պատարագի կառուցուածքին։ Ինք ծանօթ դարձած է նաեւ շինարարական գործունէութեամբ, որով Մայրավանքի շրջակայքն ու Մայր Տաճարը բարեզարդուած են։ Իսկ տպագրական կեանքէ ներս Ս. Էջմիածնի մէջ հիմնադրական աշխատութիւն կը տանի եւ Մայր Աթոռոյ տպարանը կը հաստատուի իր օրով։

Ղուկաս Ա. Կարնեցի Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս (1780-1799). Էջմիածնի վարժարանի մէջ աշակերտը եղած է Սիմէոն Երեւանցիի։ Որպէս նուիրակ պաշտօնավարած է Ռումէլիի թեմին մէջ, որով սպասարկած է Ռումանիոյ, Մոլտովիայի, Պուլկարիոյ եւ Խրիմի հայկական բնակավայրերուն մէջ։ Որպէս նուիրակ ծառայած է նաեւ Զմիւռնիոյ մէջ, ուր բաւականին կը գնահատուի տեղւոյն ժողովուրդէն։ Սիմէոն Կաթողիկոս նախքան իր վախճանումը բոլոր միաբանութիւնը իր մօտ կը կանչէ եւ կը փափաքի, որ իր աշակերտը՝ Ղուկաս Կարնեցին փոխարինէ իրեն, նկատի ունենալով, որ որպէս խորհրդական վարժ էր օրուայ վարչական մթնոլորտին։ Սիմէոն Երեւանցիի վախճանումէն եօթ օր յետոյ, միաբանութիւնը ընդառաջելով վախճանեալ կաթողիկոսի փափաքին, Ղուկաս Կարնեցին կը կոչէ յաթոռ Կաթողիկոսութեան։

Դաւիթ Ե. Էնէգեթցի Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս (1801-1807). որպէս Մայր Աթոռոյ նուիրակ եկած է Պոլիս, Պոլսոյ Դանիէլ Պատրիարք Սուրմառեցին կաթողիկոս առաջադրելու կապակցութեամբ։ Երբ քաղաքական պայմանները թոյլատու չեն եղած, որ Դանիէլ Սուրմառեցին ժամանէ Էջմիածին, Դաւիթ Էնէգեթցին տեղւոյն պաշտօնական մարմիններուն եւս աջակցութիւնը ապահովելով, հակառակ Մայր Աթոռոյ միաբանութեան կամքին, կը գրաւէ Հայրապետական Աթոռը։ Իսկ միւս կողմէ Դանիէլ Սուրմառեցին իր համակիրներու եւս օգնականութեամբ Բագրեւանդի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ մէջ կ՚օծուի ամենայն հայոց կաթողիկոս։ Այս անհաճելի մթնոլորտը յայտնի է «Դաւիթ-Դանիէլեան կռիւ» անունով։ Դաւիթ Ե. Էնէգեթցին կարողացած է Դանիէլ Սուրմառեցին դուրս բերել Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ հայրապետանիստէն ու աքսորել զայն։ Քաղաքական իրադարձութիւններուն փոփոխումէն յետոյ, 1807-ին Դաւիթ Ե. Էնէգեթցին կը ստիպուի հրաժարիլ իր աթոռէն եւ Դանիէլ Սուրմառեցին վերստին կը կանչուի Ս. Էջմիածին ու պաշտօնապէս կը ստանձնէ գահը։ Դանիէլ Սուրմառեցիի վախճանումէն յետոյ վերստին կը միտի դառնալ կաթողիկոս, սակայն Եփրեմ Ա. Ձորագեղցիի ընտրութենէն յետոյ կը հաւաստէ, թէ հրաժարած է կաթողիկոսական բոլոր հանգամանքներէն ու կը դառնայ՝ միաբան եպիսկոպոս Ս. Էջմիածնի։

Մատթէոս Ա. Չուխաճեան Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս (1858-1865). եղած է Մայր Աթոռոյ այն գահակալներէն, որ յետ Պոլսոյ պատրիարքութենէն կոչուած է ամենայն հայոց կաթողիկոսութեան պաշտօնին։ Ինք յատուկ ուշադրութիւն կը ցուցաբերէ կրթական առաքելութեան եւ այս առումով իր շրջանին Պոլսոյ մէջ կը հիմնադրուին նոր դպրոցներ։ Պոլսոյ մէջ շրջան մը ընդհատուած է ամենայն հայոց կաթողիկոսի անունին յիշատակութիւնը եւ ինք 1844-ին որպէս պատրիարք տակաւին անդրանիկ Ս. Պատարագի պահուն կը յիշատակէ Ամենայն Հայոց Ներսէս Ե. Աշտարակեցի Կաթողիկոսին անունը եւ իր շրջանին Մայր Աթոռոյ հետ յարաբերութիւնները առաւել եւս բարելաւուիլ կը սկսին։ Իսկ միւս կողմէ, Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ ուղիղ վարդապետութեան որպէս պահապան խիստ միջոցներ ձեռք բերած է։

Հազիւ չորս տարի որպէս պատրիարք ծառայելէ յետոյ կը հրաժարի իր պաշտօնէն եւ Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ քարոզիչ կը նշանակուի։ Իսկ 1853-ին կը դառնայ Արմաշու վանահայր եւ Նիկոմիդիայի առաջնորդ։ Իր պաշտօնավարութիւնը կ՚ըլլայ կարճատեւ ու կը վերադառնայ Պոլիս եւ քանի մը տարի յետոյ արդէն իսկ կը դառնայ ամենայն հայոց կաթողիկոս։ Իր հայրապետութեան շրջանին Մայր Աթոռոյ իրաւասութիւնները ընդլայնել կը փորձէ եւ այս առումով միջոցներու կը դիմէ։ Իսկ միւս կողմէ, կը փորձէ բարեկարգել վանական ներքին կեանքը։

Բացի այստեղ թաղուած ամենայն հայոց կաթողիկոսներէ, երանաշնորհ Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին Տիրամայրը՝ Սիրանոյշ Պալճեան եւս կը միանայ այս վանքի մէջ ննջած եւ Պոլսոյ հետ յիշատակելի անձերու շարքին։ Տիրամայրը ծնած է Ադրիանապոլիս (Էտիրնէ) 1887 թուականին եւ նախնական կրթութիւնը ստացած է տեղւոյն Հռիփսիմեանց վարժարանին մէջ։ Հօր մահէն յետոյ հաստատուած է Ռոտոսթօ (Թէքիրտաղ), ուր շարունակած է իր ուսման ու յաջորդիւ դարձած՝ կրթական մշակ։ 1907-ին Պոլսոյ Պատրիարքութեան Ուսումնական խորհուրդին կողմէ ստացած է ուսուցչութեան վկայական, ստորագրութեամբ՝ Պոլսոյ Մաղաքիա Պատրիարք Օրմանեանի։ Իսկ նոյն թուականի աշնանը մեկնած է Ռումանիա, ուր ծնած է փոքրիկ Լեւոն Կարապետը, որ ապագային պիտի դառնար Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը։ Ըստ վկայութեան, եղած է տիպար դաստիարակչուհի, գիտակից եւ կեանքի հարուստ փորձառութիւն ունեցող հայոց մեծ տիկինը, որ ամէն տեղ էր հայ կնոջ բարի սրտով, պայծառ խորհուրդներով ու լաւատեսութեամբ։

ՈՒՂԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆ ԴԷՊԻ Ս. ԳԱՅԻԱՆԷ ՎԱՆՔ

Ս. Էջմիածնի Տաճարի մերձաւոր եկեղեցին է Ս. Գայիանէն, ուր երթալու համար կ՚անցնիք Ս. Էջմիածնի միաբանական գերեզմանատունէն եւ դէպի ուղիղ ընթանալով կը հասնիք վանական համալիրի մուտքը։ Մուտքէն դէպի ձախ ընթանալով կ՚ուղղուիք դէպի տաճարի բակը։ Իսկ աջէն ընթանալով կը մօտենաք տուֆ քարերով պատրաստուած սենեակներուն, որոնց կեդրոնը կը գտնուի խորանաձեւ դուռ մը։ Այս մէկը փոքր պարիսպի մը նմանութիւնը ունի, որուն մէջի կամարանման անցքէն ամբողջութեամբ կրնաք դիտել Ս. Գայիանէ եկեղեցին։ Կամարանման անցքին երկու կողմերը կը գտնուին նաեւ փոքրիկ անցքեր, որոնց վրայ քանդակուած են խաչեր։ Երբ դիմացէն դիտէք, կը տեսնէք կեդրոնը կանգնած կաթողիկէն իր վեղարով, որուն վրայ բարձրացած է Ս. Խաչը։ Եկեղեցւոյ երկու կողմերը կը գտնուին նաեւ փոքր կաթողիկէներ հանդերձ իրենց Ս. Խաչերով։ Առաջին հերթին ձեր դիմաց տեսանելի կը դառնայ նաեւ երեք կամարաձեւ մուտքեր, որոնցմէ աջակողմեանին եւ ձախակողմեան մօտ կը գտնուին բազմաթիւ տապանաքարեր։ Այս մէկը արդէն եկեղեցւոյ գաւիթն է։

Եկեղեցւոյ մայր դրան վրայ քարերու վրայ պատկերացուած է Տեառնընդառաջի սրբապատկերը, բան մը որ քարերու գոյնին հետ աւելի աչքառու տեսք կը ստանայ։ Իսկ մայր դուռը կը գտնուի վարպետ ատաղձագործի մը հանճարէն բխած փայտեայ դուռ մը։ Իսկ անոր ետին կը գտնուի նաեւ փայտեայ ներքին դուռ մը եւս։ Երբ եկեղեցիէն ներս մուտք կը գործէք, ձեր առջեւ կը յայտնուի նախ Ս. Խորանը, որուն վրայ կերտուած է փոքր, սակայն նոյնքան նուրբ Ս. Սեղան մը։ Իսկ Ս. Խորանի ճակատը կը գտնուին բազմաթիւ խաչքարեր։ Բաց աստի, խորանին վրայ կանգնած են երկու հսկայ անշարժ մոմակալներ։ Խորանին վերեւ կը գտնուին նաեւ տասներկու կանթեղներ, ի նշան Քրիստոսի եւ իր տասներկու առաքեալներուն։

Իսկ դէպի բեմ առաջնորդող աստիճանները բաւականին բարձր աստիճաններէ կազմուած են։ Իսկ միւս կողմէն դասը անջատուած է երկաթեայ փեղկերով։ Դասին մէջ ժամանակաւորապէս կանգնած է նաեւ հայրապետական գահը, որուն վրայ արարողութեանց ընթացքին վեհափառ հայրապետը բազմած տեսնել, առաւել եւս մեծ ուրախութիւն է բոլորիս։

Եկեղեցին ունի աջակողմեան եւ ձախակողմեան պահարաններ, որոնցմէ ձախ կողմը գտնուածը կը գործածուի որպէս սարկաւագատուն։ Իսկ աջ կողմը գտնուածը կ՚առաջնորդէ դէպի այն փոքրիկ մատուռը, որուն մէջ կը գտնուի Ս. Գայիանէ Կոյսին շիրիմը, իր վրայ աշխատուած Ս. Գայիանէ Կոյսի սրբապատկերով։ Այս վկայարանը կը գտնուի Ս. Խորանի յատակը, հետեւաբար իւրաքանչիւր Ս. Պատարագ առիթ կը դառնայ, որ սուրբի բարեխօսութեան դիմեն հաւատացեալները։ Բաց աստի, յընթացս Ս. Պատարագի երգչախումբի անդամները իրենց դպրական շապիկներով այս փոքրիկ մատուռի առջեւէն կը մասնակցին արարողութեան։ Բաց աստի, եկեղեցւոյ մէջ հիանալի տեսարան է լուսամուտերէն ճառագայթող լուսաշողերը։

Վանքի ուխտի օրն է Ս. Գայեանեանց կոյսերու յիշատակութեան օրը. բան մը որ մեծ հանդիսութիւններով կը նշուի Մայր Աթոռոյ մօտ։ Սակայն համավարակի շրջանին դժբախտաբար մեծահանդէս թափօրներ կատարել կարելի չ՚ըլլար ներկայիս։ Վանքը նաեւ կեդրոնն է Վանօրէից տեսչութեան։ Այլապէս եկեղեցւոյ ճիշդ դիմացը կը գտնուի Վանօրէից տեսուչ Գերշ. Տ. Արտակ Եպսկ. Տիգրանեանի պաշտօնարանը։ Շրջակայքը հիանալիօրէն ծառերով ու կանանչութիւններով զարդարուած է։ Ուխտաւորներ վանքի բակին մէջ կարող են նաեւ վայելել բնութեան գեղեկցութիւնը։

Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԻ ՄԱՍԻՆ ՀԱԿԻՐՃ ԽՈԿՈՒՄ

Գայիանէ վանքի պատմական տաճարին մէջ հանդիսապետութեամբ՝ Մայր Աթոռոյ լուսարարապետ Գերշ. Տ. Մուշեղ Սրբազան Հօր ու մասնակցութեամբ սրբազան հայրերու, վարդապետներու, քահանաներու, սարկաւագներու, երգչախումբի անդամներու եւ հաւատացեալ ժողովուրդի, մատուցանեցի Ս. Պատարագ։ Հոգեւոր սերտ ապրումներով ողողուած արարողութիւնը եղբայրական մթնոլորտի արտացոլացումն էր, որ արդէն իսկ դարձած է յիշատակութեանս անջնջելի մասնիկներէն միոյն։

Նախապէս Ս. Էջմիածնի շրջանի Ս. Հռիփսիմէ տաճարին մէջ եւս Ս. Պատարագ մատուցած էի Ամանորի նախօրեակին։ Իսկ նոյն շրջանի Ս. Գայիանէ տաճարին մէջի արարողութիւնը տարբեր բնոյթներով կը ներկայանար նուաստիս։ Այս մէկը առիթ էր, որպէսզի բազմաթիւ վեղարաւորներու հետ աղօթակցիմ եւ խոնարհաբար իրենց ներկայութեան միացնեմ «Խաղաղութիւն ամենեցուն»ս։ Այս մէկը առիթ էր, որ պոլսական եւ էջմիածնական եղանակները միանան ամենայն հարազատութեամբ եւ ներդաշնակութեամբ եւ բարձրանան դէպի կաթուղիկէ գմբէթը տաճարին։ Սրբազան արարողութիւնը կը նմանցնէի արծուի մը, որուն երկու թեւերն էին տարբեր, սակայն նոյնքան հարազատ եղանակները, որոնց զօրութեամբ թեւերը բացած արծիւը կը բարձրանար ու կը բարձրացնէր։

Արարողութիւնը առիթ եղաւ, որ Քրիստոսի «Մի՛ վախնաք, Ես եմ» խօսքերով ճամբայ ելլեմ ու խոնարհաբար հոգեւոր պատգամս փոխանցեմ ներկաներուն։ Այս մէկը առիթ էր, որպէսզի հոգեոր հայրերուս եւ եղբայրներուս ներկայութեամբ գործնականապէս յայտնեմ, թէ Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռոյ միաբանութեան անդամներէն մին, նման իր երէց միաբանակից եղբայրներուն, անխառն սիրոյ կապուածութիւնը ունի հանդէպ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ Մայր Աթոռոյ միաբանութեան։ Հետեւաբար այս մէկը առիթ եղած է, որ ոգեւորիչ մթնոլորտի մը մէջ աղօթք բարձրանայ վասն հաստատութեան Հայ Եկեղեցւոյ, ի մասնաւորի Մայր Աթոռոյ եւ Պոլսոյ Պատրիարքութեան, ինչպէս նաեւ եկեղեցւոյ նուիրապետութեան եւ հաւատացեալ ժողովուրդին։

Հուսկ՝ արարողութիւնը իր աւարտին կը հասնի, երբ բարեխօսութեանը կը դիմեմ Ս. Գայեանեանց վկայուհիներուն եւ կը կրկնեմ ամէն հայու սրտէն բխած մաղթանքը. «Տէր, անսասան պահիր դու միշտ Քո իսկ հիմնած Մայր Աթոռ»։

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱԲՂ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ

10 փետրուար 2022, հինգշաբթի
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին

Ուրբաթ, Փետրուար 11, 2022