Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔ. ԱԹԷՇԵԱՆ ԵՒ Տ. ԳԱՐԵԳԻՆ ԱՐՔ. ՊԵՔՃԵԱՆ ԵՐԷԿ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՄԸ ՈՒՆԵՑԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ
Համայնքային շրջանակներուն ուշադրութիւնը ամբողջութեամբ կեդրոնացած է յառաջիկայ շաբթուան առաջին կէսին նախատեսուած ժողովներուն վրայ, որոնք պատրիարքական ընտրութեան ճանապարհին պիտի ունենան անկիւնադարձային նշանակութիւն։ Երկուշաբթի նախատեսուած է Կրօնական ժողովի նիստը, իսկ Չորեքշաբթի Գումգաբուի մէջ տեղի պիտի ունենայ Եկեղեցականաց համագումար, որ պիտի ընտրէ պատրիարքական տեղապահը։ Յաջորդող օրերուն պիտի ստեղծուի նաեւ նախաձեռնարկ մարմին մը եւ այսպէսով անշրջադարձելի հունի մը մէջ պիտի մտնէ պատրիարքական ընտրութեան գործընթացը։
Ինչպէս ծանօթ է, տեղապահի պաշտօնին համար կայ երեք թեկնածու՝ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, Գերմանիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան եւ Կրօնական Ժողովի Ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան։ Մօ-տաւոր անցեալին, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, Պոլսոյ Պատրիարքութեան երեք սրբազանները Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ համաձայնութեան մը հասած էին՝ նախընտրական գործընթացի փուլերուն շուրջ։ Այդ փոխադարձ համաձայնութեան հիման վրայ պիտի ընթանան յառաջիկայ իրադարձութիւնները։
Ինչպէս հաղորդած էինք, տեղապահի ընտրութեան ընդառաջ քաղաքս ժամանած է Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան։ Վերջին ինն տարիներուն առկայ խընդ-րայարոյց գործընթացին մէջ ան առաջին անգամ պիտի մասնակցի եկեղեցական համագումար-ժողովին։ Երէկ յետմիջօրէին Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան այցելեց Գումգաբու։ Պատրիարքարանի մէջ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի կողմէ ան ընդունուեցաւ ջերմօրէն։ Երկու բարձրաստիճան հոգեւորականները ողջագուրուեցան եղբայրաբար եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի քննարկումներէն շատ կարճ ժամանակ անց՝ շարունակեցին կարծիքի փոխանակումները։ Երկու սրբազաններու երէկուան տեսակցութիւնը թէեւ առաւել չափով քաղաքավարական կամ արարողակարգային բնոյթ մը ունէր, սակայն այդ բոլորով հանդերձ անոնց զրոյցի օրակարգին վրայ էին յառաջիկայ շաբաթ նախատեսուած իրադարձութիւնները։
Միւս կողմէ, Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան երէկ յետմիջօրէին այցելեց ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագրատունը։ Նորին Սրբազնութեան կ՚ընկերանային Սուրբ Խաչ դպրեվանքի ընտանիքէն երկու վառ դէմքեր՝ Թորոս Աբիկ եւ Տքթ. Թագւոր Անան, որոնք անցեալի մէջ գլխաւորած են խնամակալութիւնը։ Ինչպէս ծանօթ է, տեղապահի ընտրութեան ընդառաջ նախընթաց օր ալ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան այցելած էր խմբագրատունս։ Պոլիս կատարած ներկայ այցելութեան առաջին իսկ օրը Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանն ալ այցելեց ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագրատունը։ Ջերմ եւ անմիջական մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցաւ զրոյց մը։ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան մօտաւոր անցեալի խորհրդակցութիւններու օրերուն արդէն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ալ անմիջական շփման մէջ եղած էր Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի հետ։ Ուրեմն, երէկուան հանդիպման ընթացքին զրոյցը մասամբ ունէր շարունակութեան բնոյթ։ Բաց աստի, Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան ներկայացուց իր պատկերացումները տեղապահի ընտրութեան շուրջ եւ բացատրութիւններ տուաւ իր ակնկալութիւններուն մասին։ Նորին Սրբազնութիւնը մեզի հետ բաժնեց որոշ քննադատութիւններ՝ վերջին ինն տարիներուն ընթացքին կատարուած կարգադրութիւններուն առընչութեամբ։ Յամենայնդէպս, ան շեշտեց, թէ իր դիտարկումներով ընդհանուր լաւատեսութիւն մը ստեղծուած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցած քննարկումներու արդիւնքին լոյսին տակ։ Մենք եւս համամիտ գտնուեցանք Նորին Սրբազնութեան դիտարկումներուն։ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան յայտնեց, որ եթէ ընտրուի տեղապահ, պիտի ջանայ պատշաճ ձեւով յառաջ տանիլ պատրիարքական ընտրութեան գործընթացը։
Մինչ այդ, ինչպէս արդէն ծանուցուած է, Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան վաղը Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ պիտի մասնակցի կիրակնօրեայ արարողութիւններուն ու պիտի խօսի քարոզ մը։
Թրքահայ կեանք
- 11/25/2024
- 11/25/2024