ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԱԹՈՌԷՆ ԱՒԱԳ ՇԱԲԹՈՒԱՆ ՍԵՄԻՆ ՆՈՐ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ. «ԱՒԱԳ ՇԱԲԱԹ»

Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռոյս կող­մէ ե­րա­նաշ­նորհ Շնորհք Պատ­րիար­քի ծննդեան հա­րիւ­րա­մեա­կին առ­թիւ հաս­տա­տուած «Շնորհք Պատ­րիարք-100» մա­տե­նա­շա­րէն լոյս տե­սաւ գե­ղա­տիպ հա­տոր մը եւս. «Ա­ւագ Շա­բաթ»։

Շնորհք Պատ­րիար­քի կրօ­նա­բա­րո­յա­կան սոյն աշ­խա­տա­սի­րու­թիւ­նը եւս պատ­րաս­տուած է հա­ւա­տա­ցեալ ժո­ղո­վուր­դի յատ­կա­պէս Ա­ւագ շաբ­թուան սոյն օ­րե­րուն հո­գե­ւոր մա­տա­կա­րա­րու­թեան հա­մար։ Ան, ա­ւե­լի քան քա­ռա­սուն տա­րի­ներ ա­ռաջ լոյս տե­սած է «Մար­մա­րա» օ­րա­թեր­թի մէջ՝ որ­պէս յօ­դուա­ծա­շարք, 1971-1973 տա­րի­նե­րուն։ Սա­կայն մե­զի ան­ծա­նօթ պատ­ճառ­նե­րով քա­ղա­քիս մէջ որ­պէս ան­ջատ հա­տոր լոյս չէ տե­սած։

Հա­տո­րին սկիզ­բը տեղ կը գրա­ւէ ի յի­շա­տակ ե­րա­նաշ­նորհ Պատրիար­քի՝ Գնա­լը կղզիի Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ եկե­ղեց­ւոյ մէջ տե­ղադրուած խաչ­քա­րի նկա­րը։

Հա­տո­րը կը բա­ցուի Վա­ղար­շակ Սար­կա­ւագ Սե­րով­բեա­նի ա­ռաջ­նոր­դող խօս­քով. «Ա­ւագ շաբ­թուան սե­մէն մտնել Շնորհք Պատ­րիար­քի հետ»։ Հա­տո­րի խմբա­գի­րը կը յի­շեց­նէ, թէ Ե­րու­սա­ղէ­մի քրիս­տո­սա­կոխ սրբա­վայ­րե­րուն մէջ ու­սում ստա­ցող Սրբա­զան հե­ղի­նա­կը, ըն­թեր­ցո­ղը իր հետ կը տա­նի մեր ե­կե­ղեց­ւոյ ա­մե­նասր­բա­զան օ­րե­րու՝ Ա­ւագ շաբթուան դէպ­քե­րու վայ­րե­րը։ Վա­ղար­շակ Սարկաւագ կ՚ը­սէ. «Ըն­թեր­ցո­ղը … պի­տի քա­լէ Յի­սու­սի վեր­ջին շաբ­թուան վայ­րե­րուն եւ դէպ­քե­րուն ընդ­մէ­ջէն։ Ձի­թե­նեաց լեռ­նէն պի­տի իջ­նէ դէ­պի Գեթ­սե­մա­նիի ձո­րը, պի­տի մտնէ Ե­րու­սա­ղէմ, ձայ­նակ­ցե­լով ներ­կայ ժո­ղո­վուր­դին «Ով­­սան­նա»նե­րով եւ «Ա­լէ­լուիա»նե­րով։ Պի­տի մաս­նակ­ցի մարդ­կու­թեան պատ­մու­թեան մե­ծա­գոյն դա­տա­վա­րու­թեան, պի­տի չար­չա­րուի, պի­տի քա­լէ խա­չի ճամ­բան, պի­տի բարձ­րա­նայ Գող­գո­թա, որ­պէս­զի յա­րու­թիւն առ­նէ Մեծ Վար­դա­պե­տին՝ իր Փրկչին հետ»։

Ան կ՚անդ­րա­դառ­նայ հա­տո­րի պատ­րաս­տու­թեան ո­դի­սա­կա­նին, ինչ­պէս՝ շա­րուած է «Ա­րաս» հրա­տա­րակ­չա­տան մէջ, սրբագ­րուած է նախ Ար­տա­շէս Մար­կո­սեա­նի կող­մէ, ա­պա վե­րա­նա­յուած է Ն.Ա.Տ. Մես­րոպ Բ. Պատ­րիարք Հօր կող­մէ։

Հե­ղի­նա­կի սոյն աշ­խա­տա­սի­րու­թեան իսթան­պու­լա­հա­յու­թեան հա­մար դըժ-ւար հա­սա­նե­լի ըլ­լա­լու պա­րա­գան եւս շեշ­տե­լով, կ՚ը­սէ. «Այս վերհ­րա­տա­րա­կու­թեամբ «Ա­ւագ Շա­բա­թ»ը ա­ռա­ջին ան­գամ լոյս կը տես­նէ հե­ղի­նա­կին 29 տա­րի­ներ որ­պէս պատ­րիարք գա­հա­կա­լած Իսթան­պու­լի երկ­նա­կա­մա­րին ներ­քեւ»։

Ա­պա տեղ կը գրա­ւեն Սրբա­զան հե­ղի­նա­կի նկա­րը, հա­կիրճ կեն­սագ­րա­կա­նը եւ հրա­տա­րա­կուած գիր­քե­րու ցան­կը։

*

Նա­խա­պէս Պէյ­րու­թի, Նիւ Եոր­քի եւ Թեհ­րա­նի մէջ լոյս տե­սած այս աշ­խա­տա­սի­րու­թիւ­նը վե­րա­ծուած է 16.5x23.5 սմ. չա­փե­րով 256 էջ­նոց հա­տո­րի մը, ո­րուն մէջ Սրբա­զան հե­ղի­նա­կը հա­կիրճ «Ընդ­հա­նուր Ակ­նարկ»է մը ետք, կ՚անդ­րա­դառ­նայ Ծաղ­կա­զար­դի ա­ռա­ւօ­տէն մին­չեւ Ա­ւագ Շա­բաթ իւ­րա­քան­չիւր դէպ­քի մա­սին ման­րա­մաս­նօ­րէն։ Ե­րա­նաշ­նորհ Պատ­րիար­քը ա­ռանց գրա­կա­նու­թիւն ը­նե­լու յա­ւակ­նու­թիւն ու­նե­նա­լու, նպա­տակ կ՚ու­նե­նայ մէկ բան միայն. քա­րո­զել Սուրբ Ա­ւե­տա­րա­նը։ Ա­ւե­լի քան վաթ­սու­նա­մեայ պատ­րիար­քը կը գրէ իր ժո­ղո­վուր­դին հա­մար իւ­րա­յա­տուկ ո­ճով։ Մերթ կը բա­ցատ­րէ եւ մերթ դէպ­քե­րու հե­րոս­նե­րը կը խօ­սեց­նէ։ Այլ խօս­քով, ըն­թեր­ցո­ղը Ձի­թե­նեաց լեռ­նէն կ՚ա­ռաջ­նոր­դէ մին­չեւ Ս. Գե­րեզ­ման։ Սա­կայն Ս. Յա­րու­թեան հրա­շա­լի դէպ­քը կը թո­ղու իր յա­ջորդ հա­տո­րին՝ «Տա­ղա­ւար Տօ­ներ»ուն։

Հա­տո­րի վեր­ջա­ւո­րու­թեան պատ­րաստուած է բա­ռա­րան, որ կ՚ընդգր­կէ առ­կայ նուազ ծա­նօթ բա­ռե­րը։

Գիր­քի գե­ղե­ցիկ կող­քը պատ­րաս­տուած է Գրի­գոր Սա­հա­կեա­նի, Սար­վէն Տա­նէի եւ Ա­րիս Քա­րա­ֆի­լի կող­մէ։

Սոյն հա­տո­րի մե­կե­նա­սու­թիւ­նը ստանձ­նած է Ա­րամ Գամ­պու­րեան, ի յի­շա­տակ կո­ղակ­ցին՝ Շա­քէ Գամ­պու­րեա­նի։

Փա­փա­քող­ներ պի­տի կա­րե­նան հա­տո­րէն ու­նե­նալ դի­մե­լով Պատ­րիար­քա­րան, աշ­խա­տան­քա­յին ժա­մե­րուն։

ՀՐԱ­ՏԱ­ՐԱԿ­ՉՈՒ­ԹԵԱՆ ԲԱ­ԺԱՆ­ՄՈՒ­ՆՔ

Երեքշաբթի, Ապրիլ 11, 2017