ՏՕՆԱԿԱՆ ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋ

Ե­շիլ­գիւ­ղի ըն­տա­նի­քը ապ­րե­ցաւ տօ­նա­կան շա­բա­թա­վերջ մը։ Թա­ղի Ս. Ստե­փա­նոս ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ ե­րէկ մեծ ո­գե­ւո­րու­թիւն ապրուե­ցաւ տեղ­ւոյն Սա­հակ-Մես­րոպ Դպրաց Դաս-երգ­չա­խում­բի տա­րե­դար­ձին առ­թիւ։ Դպրաց դա­սու հիմ­նադ­րու­թեան 102-րդ եւ երգ­չա­խում­բի կազ­մու­թեան 79-րդ կրկ­նակ տա­րե­դարձ­նե­րը նշուե­ցան խան­դա­վառ մթնո­լոր­տի մը մէջ։ Այս առ­թիւ կրօ­նա­կան եւ աշ­խար­հիկ ա­ւան­դա­կան փայ­լուն տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն­ներ տե­ղի ու­նե­ցան, հան­դի­սա­պե­տու­թեամբ Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նի, որ տուաւ նաեւ օ­րուան պատ­գա­մը։

Ս. Ստե­փա­նոս ե­կե­ղե­ցին լե­ցուած էր ա­ռա­ւօ­տեան կա­նուխ ժա­մե­րէն սկսեալ։ Օ­րուան Ս. Պա­տա­րա­գը մա­տոյց Տ. Շիր­վան Քհնյ. Միւր­զեան։ Ներ­կայ էին նաեւ Տ. Զա­տիկ Ա­բե­ղայ Պա­պի­կեան եւ տեղ­ւոյն հո­գե­ւոր հո­վի­ւը՝ Տ. Տրդատ Քհնյ. Ու­զու­նեան, որ միեւ­նոյն ժա­մա­նակ նա­խա­գահն է դպրաց դա­սուն։

Ս. Սե­ղա­նին սպա­սար­կե­ցին Վահ­րամ Սրկ. Լիւ­լէ­ճեան, Պերճ Սրկ. Ե­րա­մեան եւ այլ դպիր­ներ։ Եր­գե­ցո­ղու­թիւն­նե­րը իր ամ­բող­ջա­կան կազ­մով ու ներ­դաշ­նա­կու­թեամբ կա­տա­րեց Սա­հակ-Մես­րոպ Դպրաց Դաս-երգ­չա­խում­բը, ղե­կա­վա­րու­թեամբ Սե­ւան Ա­րա­պեա­նի եւ եր­գե­հո­նա­հա­րու­թեամբ Սէր­լի Տէ­մի­րի։

Յա­ւարտ Ս. Պա­տա­րա­գի մաս­նա­ւոր հո­գե­հանգս­տեան պաշ­տօ­նով ո­գե­կո­չուե­ցան Դպրաց Դաս-երգ­չա­խում­բի հան­գու­ցեալ հիմ­նա­դիր­նե­րը, նա­խա­գահ­նե­րը, դպրա­պետ­նե­րը, վա­րիչ­նե­րը, երաժշ­տա­պետ­նե­րը, ան­դամ­ներն ու սա­տա­րող­նե­րը։

Կրօ­նա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րէն վերջ, ե­կե­ղեց­ւոյ յա­րա­կից Ե­րա­նաշ­նորհ Տ. Գա­րե­գին Պատ­րիարք Գա­զան­ճեա­նի ա­նու­նով կոչուած սրա­հին մէջ սար­քուե­ցաւ սի­րոյ սե­ղան։ Աշ­խար­հիկ հան­դի­սու­թեան եւս նա­խա­գա­հեց ընդ­հա­նուր փո­խա­նոր­դը իր կող­քին ու­նե­նա­լով հո­գե­ւոր հայ­րե­րը։ Ներ­կայ էին Ե­շիլ­գիւ­ղի Ս. Ստե­փա­նոս ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Հա­պիպ Էօզ­ֆու­րուն­ճու եւ իր ըն­կեր­նե­րը, թա­ղի յա­րա­կից մար­մին­նե­րուն կող­մէ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, քոյր դպրաց դաս-երգ­չա­խում­բե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, հա­մա­կիր­ներ եւ հիւ­րեր։ Ե­րաժշ­տա­կան յայ­տագ­րի գոր­ծադ­րու­թամբ ներ­կա­նե­րը հա­ճե­լի ժա­մանց ու­նե­ցան սե­ղան­նե­րուն շուրջ եւ ան­մի­ջա­կան մթնո­լոր­տի մը մէջ զրու­ցե­ցին ի­րա­րու հետ։ Տնօ­րէն խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Մի­քա­յէլ Աբ­րա­հա­մօղ­լու եւ իր ըն­կեր­նե­րը ջերմ մթնո­լոր­տի մը մէջ հիւ­րըն­կա­լե­ցին բո­լոր սե­ղա­նա­կից­նե­րը, ո­րոնք ալ ի­րենց հեր­թին Սա­հակ-Մես­րոպ Դպրաց Դաս-երգ­չա­խում­բի գոր­ծու­նէու­թեան կա­պակ­ցու­թեամբ ար­տա­յայ­տե­ցին ի­րենց գնա­հա­տանքն ու յա­ջո­ղու­թեան մաղ­թանք­նե­րը։

Օ­րուան յայ­տա­գի­րը գոր­ծադ­րուե­ցաւ հան­դի­սա­վա­րու­թեամբ Սէր­լի Աբ­րա­հա­մօղ­լուի, որ ա­տե­նադպ­րու­հին է տնօ­րէն խոր­հուր­դին եւ այդ հան­գա­ման­քով ալ անդ­րա­դար­ձաւ տնօ­րէն խոր­հուր­դի գոր­ծու­նէու­թեան։ Գե­ղա­րուես­տա­կան բաժ­նին մէջ ներ­կա­նե­րը ող­ջու­նե­ցին եր­կու փոք­րիկ­նե­րու՝ Մարգ­րիտ Թո­փար­լա­քի եւ Ժպիտ Կէ­զէ­րի ար­տա­սա­նու­թիւն­նե­րը։ Ա­ւե­լի վերջ ար­տա­սա­նեց նաեւ Պետ­րոս Շա­րապ­ճեան, իսկ մե­ներ­գեց Գա­րին Քիւ­չիւ­քօղ­լու։

Տա­րե­դար­ձի սե­ղա­նը ա­ւար­տին հա­սաւ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նի օրհ­նու­թեան խօս­քով եւ ա­ղօթ­քով։

Երկուշաբթի, Մայիս 11, 2015