ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ՄԱՆԿԱՆՑ ՀԱՄԱՐ ԳԱՐՆԱՆ ԽՐԱԽՃԱՆՔ ՄԸ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԵՑ ՄԷՐԱՄԷԹՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԻՆ ՄԷՋ

Ֆէ­րի­գիւ­ղի ըն­տա­նի­քը թա­ղի Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նի ման­կա­պար­տէ­զին մէջ շա­բա­թա­վեր­ջին կազ­մա­կեր­պեց ման­կանց գար­նա­նա­յին խրախ­ճանք մը, որ ստեղ­ծեց մեծ ո­գե­ւո­րու­թիւն։ Դպրո­ցի ման­կա­պար­տէ­զի սա­նե­րուն ա­ռըն­թեր այս ձեռ­նար­կին հրա­ւի­րուած էին թա­ղե­ցի մա­նուկ­ներ, ո­րոնք կը պատ­րաս­տուին յա­ջորդ կրթա­կան շրջա­նին ման­կա­պար­տէզ յա­ճա­խել եւ ի­րենց տե­սա­կէ­տէ ե­զա­կի փոր­ձա­ռու­թիւն մըն էր Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նի մթնո­լոր­տը շնչե­լը։

Ներ­կայ էին Ս. Վար­դա­նանց ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը, Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նի հիմ­նադ­րի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Ա­ւե­տիս Հա­ճըն­լըեան, տնօ­րէ­նու­հի Ար­փի Մա­նու­կեան եւ ու­սուց­չաց կազ­մէն ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ։ Փոք­րիկ­նե­րը հա­ճե­լի ժա­մանց ու­նե­ցան դպրո­ցի ման­կա­պար­տիզ­պա­նու­հի­նե­րուն հսկո­ղու­թեան ներ­քեւ։ Խա­ղեր խա­ղա­լու ա­ռըն­թեր, ա­նոնք ձե­ռա­գործ յու­շա­նուէր­ներ ալ պատ­րաս­տե­ցին ի­րենց մայ­րե­րուն հա­մար՝ նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ շա­բա­թա­վեր­ջին կը նշուէր մայ­րե­րու օ­րը։

Խրախ­ճան­քը ա­ւար­տին հա­սաւ սար­քուած ըն­դու­նե­լու­թեամբ։

Երկուշաբթի, Մայիս 11, 2015