ԽՄԲԱԳՐԱՏԱՆՍ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ

Ե­րէկ, հա­ճոյքն ու­նե­ցանք խմբագ­րա­տանս մէջ հիւ­րըն­կա­լե­լու Գալ­ֆաեան Տան խնա­մա­կա­լու­թեան ա­տե­նա­պե­տու­հի Տիա­նա Գամ­բա­րո­սեա­նը, ո­րուն կ՚ըն­կե­րա­նար դպրո­ցի նախ­կին շրջա­նա­ւար­տու­հի­նե­րէն Պես­սէ Քա­պաք։ Ծա­նօթ է, որ ներ­կա­յիս Գալ­ֆաեա­նի ըն­տա­նի­քը կ՚ապ­րի հաս­տա­տու­թեան հիմ­նադ­րու­թեան 150-ա­մեայ յո­բե­լեա­նին ու­րա­խու­թիւ­նը։ Հա­ճե­լի զրոյ­ցի ըն­թաց­քին հիւ­րե­րը մե­զի տե­ղե­կա­ցու­ցին, թէ յո­բե­լե­նա­կան շրջա­նին զարկ տրուած է նախ­կին շրջա­նա­ւարտ­նե­րու հա­մախմբ­ման։ Նոյն առ­թիւ նա­խա­տե­սուած են նաեւ գե­ղա­րուես­տա­կան ձեռ­նարկ­ներ։   

Չորեքշաբթի, Մայիս 11, 2016