ՀՊԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ԿՈԹՈՂ

Մեր համայնքը այս տարի եւս Համբարձման Տէրունի տօնը նշեց՝ միեւնոյն ժամանակ տօնախմբելով Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հիմնադրութեան տարեդարձը։ Երէկ, օրուան ողջ տեւողութեան մեծ խանդավառութիւն ապրուեցաւ հիւանդանոցէն ներս, որու հիմնադրութեան 186-րդ տարեդարձը նշուեցաւ աւանդական շուքով, կրօնական եւ աշխարհիկ փայլուն հանդիսութիւններով։

Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի հովանաւորութեամբ տեղի ունեցան արարողութիւնները։

Առաւօտուն Ս. Փրկիչ մատրան մէջ մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ։ Յետմիջօրէին, հանդիսապետութեամբ նորին սրբազնութեան, կատարուեցաւ Անդաստանի հանդիսաւոր արարողութիւն։ Հոգեպարար արարողութիւններուն ներկայ գտնուեցան նաեւ Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան եւ բազմաթիւ հոգեւոր հայրեր։

Անդաստանէն վերջ Գթութեան յարկի համալիրէն ներս տեղի ունեցաւ շատ յատկանշական բացման արարողութիւն մը։ Այսպէս, հոգաբարձութեան կարգադրութեամբ հիւանդանոցի վերանորոգեալ բաժանմունքներէն մին ձօնուած է հոգելոյս Փիլօ Աթանի յիշատակին։ Մօտաւոր անցեալին երկու տասնամեակ անընդհատ հոգաբարձութիւնը գլխաւորած երախտաշատ այս դէմքին անունով վերանուանուած է այդ բաժանմունքը։ Խորհրդանշական կարմիր ժապաւէնը հատեցին Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, Հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու, փոխ-ատենապետ Հերման Պալեան եւ տիրամայր Մարի Մութաֆեան։ Ներկայ էին նաեւ հոգելոյս Փիլօ Աթանի շառաւիղները։ Բոլոր ներկաները ջերմ ծափահարութիւններով ողջունեցին բաժանմունքին բացումն ու վերանուանումը։

Աւելի վերջ սարքուեցաւ Համբարձման աւանդական սեղանը, որուն եւս հանդիսապետեց ընդհանուր փոխանորդը, իր կողքին ունենալով կրօնական ժողովի ատենապետն ու հոգեւոր հայրերը։ Ներկաներու շարքին էին հաստատութեան բարերարներ, նախկին վարիչներ, համայնքային մարմիններու ներկայացուցիչներ, բազմաթիւ ծանօթ ազգայիններ, հասարակական գործիչներ, հիւանդանոցի մասնագիտական անձնակազմը, մնայուն բնակիչները, համակիրներ եւ բազմաթիւ հիւրեր։ Ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու եւ իր ընկերները շատ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին բոլոր ներկաները։ Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս Համբարձման աւանդական այս հաւաքոյթի կազմակերպման ուղղութեամբ լուրջ ջանքեր գործադրուած էին հիւանդանոցի ընդհանուր քարտուղարուհի Սիլվա Թրիքայի կողմէ։ Ըստ ընկալեալ սովորութեան, Համբարձման աւանդական հաւաքոյթին ժամանակ հրապարակուեցաւ նաեւ հիւանդանոցի տարեկան պիւտճէն։

Համբարձման սեղանին ընթացքին ողջոյնի խօսք մը արտասանեց Սիլվա Թրիքա, որմէ վերջ արտայայտուեցաւ Պետրոս Շիրինօղլու։ Հոգաբարձութեան գործունէութեան եւ հիւանդանոցի պիւտճէին շուրջ մանրամասնութիւններ փոխանցելէ վերջ, Պետրոս Շիրինօղլու տեղեկացուց, որ հոգելոյս Փիլօ Աթանի յիշատակին ձօնուած բաժանմունքի բացման պիտի յաջորդէ նաեւ հոգաբարձութեան նախկին ատենապետ հանգուցեալ Սեդրակ Թոքատի յիշատակին ձօնուած ուրիշ բաժանմունքի մը բացումը։ Պետրոս Շիրինօղլու ընդգծեց, որ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցը իր գործունէութիւնը յառաջ կը տանի թափանցիկութեամբ եւ նոյնը կ՚ակնկալուի մեր համայնքի միւս հաստատութիւններէն։ Ան հերթական անգամ արտայայտեց իր մօտեցումը, ըստ որու, ապագայ նիւթական տագնապներէ խուսափելու համար պէտք է միանան մեր շարք մը համայնքային վարժարանները, որոնք ունին պիւտճէի լուրջ բացեր։ Շիրինօղլու մատնանշեց նաեւ, որ ինք կը փորձէ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցին ծառայել մէկ կողմ թողած ըլլալով անձնական գործերը եւ ընտանեկան կեանքը։ «Իմ միակ նպատակս է փոխանցել շատ աւելի ամուր հիւանդանոց մը», ըսաւ ան։

Իր կարգին, Տ. Արամ Արք. Աթէշեանն ալ բարձր գնահատանքով արտայայտուեցաւ ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի կողմէ գլխաւորուած հոգաբարձութեան ջանքերով արձանագրուած ոստումին մասին։ Նորին սրբազնութիւնը ընդգծեց բարերարութեան կարեւոր նշանակութիւնը մեր հաւաքական կեանքէն ներս։ Հայ ժողովուրդը կանգուն մնացած է՝ իր բարերարներով, ղեկավարներով, մտաւորականներով եւ արուեստագէտներով։ Այսօր Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցը նախանձելի դիրքի մը վրայ կը գտնուի։ Այս ուղղութեամբ դեր ունին անցեալէն մինչեւ այսօր այս հաստատութեան սպասարկութիւն մատուցած բոլոր երախտաւորները։ Այս ամբողջին մէջ կ՚առանձնանան վերջին շրջանի վիթխարի ձեռքբերումները։ Ուստի, Պետրոս Շիրինօղլուի կողմէ գլխաւորուած այժմու հոգաբարձութեան համար արդէն վերապահուած տեղ մը կայ պատմութեան մէջ։ «Մենք այսօր կը վերյիշենք Փիլօ Աթանը, Սեդրակ Թոքատը, բնականաբար պիտի ոգեկոչենք անոնք։ Բայց եւ այնպէս, կենդանութեան շրջանին ալ պէտք է գնահատենք մեր համայնքի այն անդամները, որոնք անսակարկ ծառայութիւն կը մատուցեն։ Մեր այսօրուան վարիչներուն ալ պէտք է զօրակցինք, պէտք է զանոնք ալ գնահատենք ու մանաւանդ պէտք չէ փորձենք զանոնք սայթաքեցնել։ Ես խորապէս շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Պետրոս Շիրինօղլուի եւ ընկերներուն կողմէ մատուցուած ծառայութիւններուն համար», ըսաւ նորին սրբազնութիւնը։

Համբարձման սեղանին ընթացքին երաժշտական յայտագիր գործադրեցին Վահան Յակոբեան, Մանուկ Համբարեան եւ Նարօտ Տեմիրճիօղլու։

Ուրբաթ, Մայիս 11, 2018