ՄԵԾ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾԻ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ
Հայ արդի բանաստեղծութեան տիտաններէն Զահրատ երէկ երեկոյեան գրական-գեղարուեստական ձեռնարկով մը ոգեկոչուեցաւ Էսաեան սանուց միութեան մէջ՝ հովանաւորութեամբ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի։ Մեծանուն բանաստեղծի ծննդեան դարադարձի յոբելեանը արժեւորելու համար նախատեսուած էր այս նախաձեռնութիւնը։ Երեկոյթը զուգադիպեցաւ Զահրատի ծննդեան ճիշդ 100-րդ տարեդարձի օրուան։ Պատուոյ հիւրն էր բանաստեղծի այրին՝ Անայիս Եալտըզճեանը, որ ջերմօրէն շրջապատուեցաւ բոլորին կողմէ։ Հաւաքոյթը պատուեցին նաեւ Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Նաիրի Պետրոսեան եւ ներկայացուցչութեան խորհրդական Անահիտ Չալիքեան։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր կողքին էին Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, Կաթողիկէ հայոց վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեան, Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան եւ Տ. Կորիւն Աւ. Քհնյ. Ֆէնէրճեան։ Պէյօղլուի հիւրընկալմամբ կազմակերպուած հանդիսութիւնը համախմբեց համայնքային շրջանակներէն բազմաթիւ մշակութասէրներ, հասարակական գործիչներ եւ կրթական մշակներ։
Երեկոյթի յայտագրի ողնայարը կազմեց բանասէր եւ ուսուցիչ Սեւան Տէյիրմենճեանի վարած զրոյցը, որու ընթացքին Տիգրան Ալթուն, Տարօն Մարտիկեան, Բագրատ Էսդուգեան եւ Յովհաննէս Շաշքալ Զահրատի վերաբերեալ յուշեր պատմեցին եւ խորհրդածութիւններ ըրին անոր գրական ժառանգութեան շուրջ։ Գեղարուեստական բաժնին մէջ երաժշտական յաջող կատարումներով հանդէս եկան Արթիւր Պաղտասարեան, Գարին Պոզքուրթ եւ Աննա Ուղուրլուեան։ Բոլորին համար հաճելի եղաւ փոքրիկն Զապէլ Ուղուրլուեանի արտասանութիւնը ծափահարելու հնարաւորութիւնը։
Այս բոլորէն վերջ ծրագրի թագն ու պսակը հանդիսացաւ Սիլվա Կոմիկեանի ասմունքը։ Ան Զահրատի գործերէն փունջ մը ներկայացուց՝ ինչպէս միշտ, խորապէս տպաւորելով բոլորը։ Սիլվա Կոմիկեան այդ ընտրանին այնպիսի վարպետութեամբ կազմած էր, որ ներկաները հնարաւորութիւն ունեցան թէ՛ վերյիշելու Զահրատի կենսագրութիւնը, թէ՛ հաղորդ դառնալու անոր հիւթեղ գրիչի արգասիքին եւ թէ տարրական պատկերացում մը կազմելու նկարագրին մասին։
Հուսկ բանքին մէջ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը արժեւորեց Զահրատի աւանդը՝ անոր գործերուն բնորոշ առանձնայատկութիւններու ընդգծումով։
Յայտագրի գործադրութեան աւարտին սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը, որու ընթացքին բոլոր ներկաները շրջապատեցին Անայիս Եալտըզճեանը՝ մինչ զրոյցներու մէջ հերթական անգամ կը բիւրեղանային Զահրատի կարօտն ու անոր գրչին նկատմամբ հիացմունքը։
ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ
Միւս կողմէ, երէկ Զահրատի Շիշլիի գերեզմանատան շիրմին վրայ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան կարգ մը՝ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանի գլխաւորութեամբ։
Նկատի ունենալով, որ երէկ Զահրատի ծննդեան 100-րդ տարեդարձի օրն էր՝ մեր կարգ մը վարժարաններուն մէջ ալ աշակերտական հանդիսութիւններ տեղի ունեցան նոյն առթիւ։