ՔԱՌԱՍՈՒՆ ՄԱՆԿԱՆՑ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻ ՀԱՄԵՐԳԸ

Պա­քըր­գիւ­ղի Ս. Աս­տուա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ Քա­ռա­սուն ման­կանց երգ­չա­խում­բի ե­րի­տա­սար­դաց կազ­մը ե­րէկ հա­մերգ մը սար­քեց  Ա­թա­գիւ­ղի «Եու­նուս Էմ­րէ» մշա­կոյ­թի կեդ­րո­նին մէջ։ Ա­րուես­տա­սէր հա­սա­րա­կու­թեան շար­քե­րուն տեղ գրա­ւած էին թա­ղին հո­գե­ւոր հո­վի­ւը՝ Տ. Յու­սիկ Քհնյ. Հէր­կէ­լեան, Թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Մե­սուտ Էօզ­տէ­միր ու իր ըն­կեր­նե­րը, Տա­տեան վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­հի Ա­լիս Պայ­րամ, վաս­տա­կա­շատ կրթա­կան մշակ Հեր­մի­նէ Պեն­լիօղ­լու։ Յայ­տագ­րի բաց­ման խօս­քը ար­տա­սա­նե­ցին Լի­նա Չիֆ­ճեան եւ Սա­րին Իչ։

Ա­պա բեմ ա­ռաւ ե­րի­տա­սար­դաց երգ­չա­խում­բը՝ խմբա­վա­րու­թեան Հրանդ Չիզ­մէ­ճեա­նի եւ դաշ­նա­կա­հար Ա­ւե­տիս Էօզ­տէ­մի­րի գլխա­ւո­րու­թեամբ։ Երգ­չա­խում­բը ներ­կա­յա­ցուց հայ­կա­կան եր­գա­ցան­կէ ըն­տիր նմոյշ­ներ՝ Խա­չա­տուր Ա­ւե­տի­սեա­նի, Ա­լեք­սէյ Հէ­քի­մեա­նի, Կոնս­տան­դին Օր­բէ­լեա­նի, Ար­տե­մի Այ­վա­զեա­նի եւ այլ հե­ղի­նակ­նե­րու յօ­րին­մամբ։ Երգ­չա­խում­բի ե­րի­տա­սարդ ան­դամ­նե­րը ի­րենց մե­ներգ­նե­րով ալ տպա­ւո­րե­ցին ներ­կա­նե­րը՝ խոս­տա­նա­լով փայ­լուն ա­պա­գայ։  Ներ­կա­նե­րու բուռն ծա­փող­ջոյն­նե­րու տա­րա­փի ներ­քոյ հա­մեր­գի ա­ւար­տին յու­շա­նուէր­ներ յանձ­նուե­ցան վաս­տա­կա­շատ ե­րաժշ­տա­պետ Ա­րամ Պա­րո­նեա­նին, Հրանդ Չիզ­մէ­ճեա­նին եւ Ա­ւե­տիս Էօզ­տէ­մի­րին։

Ներ­կա­նե­րը հրա­ժեշտ տուին ի­րա­րու փայ­լուն ե­րե­կոյթ մը ապ­րած ըլ­լա­լու գո­հու­նա­կու­թեամբ։

Հինգշաբթի, Յունիս 11, 2015