ԱՒԵՏԻՔ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻ ՄԱՍԻՆ ԳԻՐՔԸ՝ ՀԱՅԵՐԷՆՈՎ

Կը տեղեկանանք, որ Պատրիարքական Աթոռը լոյս ընծայած է «Աւետիք Պատրիարքի խորհրդաւոր կեանքը» գիրքը, որու հեղինակն է Սիրվարդ Մալխասեան։ Աւելի առաջ «Արաս» հրատարակչութեան կողմէ այս գիրքը թրքերէնով լոյս տեսած էր՝ պատմական ուսումնասիրութեան հիման վրայ։ Պատրիարքարանը այժմ անոր հայերէնը հրատարակած է՝ որպէս Աթոռի Յովակիմեան մատենաշարի 9-րդ գործը։

Սիրվարդ Մալխասեան այս գիրքը ձօնած է իր ծնողներու յիշատակին։ Հատորին մէջ Աւետիք Պատրիարքի կեանքը խոշորացոյցի տակ կը բերուի զանազան երեսակներով՝ գահակալութենէն սկսեալ, մինչեւ Պասթիյի բանտին մէջ կալանաւորումը։

Երեքշաբթի, Յունիս 11, 2024