ՕՐՀՆԱԲԵՐ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԻՒՆ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան այս տարի եւս Ս. Աստուածածնի տաղաւարի շրջանին հովուական այցելութեան մը ձեռնարկած է դէպի Թուրքիոյ հարաւը։ Շաբաթավերջին ան տաղաւարի Ս. Պատարագը պիտի մատուցանէ Վաքըֆլըգիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, որու անուան տօնախմբութիւնը այս տարի կը նշուի երկրաշարժի ծանր հետեւանքներով պայմանաւոր-ւած իրավիճակին մէջ։
Երէկ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը Իսթանպուլէն մեկնեցաւ Ատանա, ուրկէ անցաւ Մերսին։ Իր հետն էին գաւազանակիր Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան, գաւառի տեսուչ Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան եւ Իսքենտէրունի Ս. Քառասուն Մանկունք եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի ատենապետ Եուսուֆ Թապաշեան։ Նորին Ամենապատուութիւնը Մերսինի մէջ այցելութիւններ տուաւ Յոյն Ուղղափառ եւ Լատին Կաթոլիկ եկեղեցիներուն։ Երկու սրբավայրերուն մէջ ալ ան հիւրընկալուեցաւ ջերմօրէն։
Օրուան տեւողութեան Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը քաղաքավարական այցելութիւն մըն ալ տուաւ Մերսինի գլխաւոր քաղաքապետ Վահափ Սեչերին։ Զրոյցի տեւողութեան ընդհանրապէս շօշափուեցան երկրաշարժի յաջորդած առկայ իրավիճակին մէջ տարուած աշխատանքները։
Թուրքիոյ հարաւի շրջաններու բնակիչ հայ-քրիստոնեայ հաւատացեալներուն տեսակէտէ այս ուղեւորութիւնը կը բնորոշուի Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր օրհնաբեր ներկայութեամբ, ինչ որ հոգեւոր ուրախութեան առիթ է բոլորին տեսակէտէ։