ՏԵՂԻՆ ՊԱՏԳԱՄՆԵՐ
Վերջին երկու ամսուան ընթացքին Թուրքիոյ զանազան շրջաններուն մէջ պատահած ահաբեկչական դէպքերուն կապակցութեամբ, երէկ, Պատրիարքական Աթոռը հրապարակեց մամլոյ հաղորդագրութիւն մը ու թարգման հանդիսացաւ Թուրքիոյ հայ համայնքի ցաւին։ Հաղորդագրութեան մէջ յստակ կերպով շեշտուեցաւ, թէ հայ համայնքի անդամները՝ իրենց հայրենակցական գիտակցութեամբ, ի տես պատահած ցաւառիթ դէպքերուն, երկրի բոլոր հայրենակիցներուն նման դառն կսկիծով կը բաժնեն նոյն ցաւը։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքութեան կողմէ ընդգծուեցաւ, թէ պետութիւնը առանց խտրութեան բոլոր հայրենակիներուն կը մօտենայ ողջմտութեամբ։ Դրական համարուեցաւ նաեւ, որ կուսակցութեանց վարիչներ եւս զուգահեռ դիրքաւորումով ողջմտութեան կոչեր կ՚ուղղեն հայրենակիցներուն։
Սակայն եւ այնպէս, կարգ մը անձաւորութիւններ կայքէջերու վրայ եւ հաղորդակցութեան այլ միջոցներով ժխտական արտայայտութիւններ կ՚ունենան հայոց դէմ, զանոնք նոյնացնելով ահաբեկչական գործիչներուն հետ։ Նոյն անպատասխանատու անձերուն, պետութեան եւ կուսակցութեան վարիչներուն որդեգրած ողջամտութեան ներհակ արտայայտութիւնները ա՛լ աւելի ցաւ կը պատճառեն հայ համայնքի անդամներուն։
Պատրիարքական Աթոռը, որ պախարակեց ահաբեկչական արարքները, տեղեկացուց՝ թէ աղօթող կը մնային երկրի խաղաղութեան, բարօրութեան եւ անդորրութեան համար։
Բաց աստի, Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, նոյնպէս երէկ, Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլուին ուղարկեց ցաւակցական նամակ մը՝ մամլոյ զեկոյցին զուգահեռ պարունակութեամբ։ Նորին Սրբազնութիւնը յայտնեց հայ համայնքին մտահոգութիւնը, կարգ մը անպատասխանատու անձերու ունեցած ժխտական արտայայտութեանց պատճառաւ։
Վերոյիշեալ բացատրութիւնները փոխանցելու առընթեր յարակից սիւնակին մէջ նոյնութեամբ կը հրատարակենք նաեւ Պատրիարքարանի մամլոյ զեկոյցին թրքերէն բնագիրը։
ՀԷՅՊԷԼԻԻ ՄԷՋ ԳԻՏԱԺՈՂՈՎ
Միւս կողմէ, 6-9 Սեպտեմբեր թուականներուն, Հէյպէլի կղզիի յունաց վանքին մէջ, Յունաց պատրիարքութեան եւ Եւրոպայի եկեղեցիներու խորհրդաժողովին համագործակցութեամբ տեղի ունեցաւ գիտաժողով մը, որու նիւթն էր կրօնի եւ հաւատի ազատութիւնը։ Ժողովին ներկայ էին զանազան եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ ու ակադեմականներ։
Պատրիարքական Աթոռին կողմէ մասնակցեցաւ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան։
«Կրօնական համայնքներուն կրօնն ու հաւատը զարգացնելու եւ պահպանելու ծիրէն ներս դերը» խորագրեալ նիստին ընթացքին Հայր Սուրբը ներկայացուց զեկուցում մը։ Այս առթիւ ան անդրադարձաւ Թուրքիոյ մէջ կրօնը եւ հաւատը ամուր պահելու նիւթին, ի մասնաւորի խօսեցաւ հայ համայնքի առօրեային շուրջ։ Ըստ իրեն, Հայ Եկեղեցւոյ նման Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներու գլխաւոր նպատակը պէտք է ըլլայ, նախ պահպանել իր կրօնը եւ հաւատը, իսկ աւելի վերջ է, որ կարելի է մտածել զանոնք զարգացնելու մասին։
Իր խօսքերուն մէջ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան կանգ առաւ Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած վերջին դէպքերուն վրայ եւ ըսաւ. «Երբ այս ժողովը կը գումարուի, միեւնոյն ժամանակ Թուրքիոյ զանազան շրջաններուն մէջ ահռելի ու սոսկալի տեսարաններ կը պարզուին։ Վստահաբար բոլորդ այս դէպքերուն կը հետեւիք մեծ ցաւով։ Թուրքիան այսօր կարիքն ունի ի սրտէ աղօթքներու՝ նահատակ զինուորներուն, խաղաղութեան վերստին հաստատման եւ առողջ ապագայի մը ուղղուելու համար։ Ուստի եկէ՛ք միասնաբար աղօթենք»։
BASIN BİLDİRİSİ
Son iki ay zarfında yurdun değişik yörelerinde vuku bulan terör olaylarını derin bir teessür içinde izlemekteyiz. Şehit olan vatan evlatlarının yüreklerimizde açtığı yaralar tüm aklıselim sahibi vatandaşlar gibi bizleri de derinden etkilemektedir. Ülkemizin esenliği, barış ve huzuru için her daim dua etmekteyiz.
Bu terör olayları süresince devletimizin vatandaşlarına ayrım gözetmeksizin sağduyulu yaklaştığını ve masum insanlara hiçbir suçlama yönlendirmediğini de memnuniyetle görmekteyiz. Bu süreçte, siyasi parti idarecilerinin devletin bu yaklaşımına paralel olarak vatandaşlara sağduyulu davranmalarını telkin etmeleri de takdire şayandır.
Ancak, bazı görsel ve sosyal medya platformlarında en hafif tabiriyle nefret ve ayrımcılık niteliğindeki yazı ve beyanlarda bulunan bazı vatandaşların devletimizin ve siyasi partilerin ifadelerine aykırı görüş bildirmeleri bizleri derinden üzmektedir. Bazı kalem sahiplerinin ise zaman zaman, cemaatimizi hedef alan ve onu bir terör örgütüyle özdeşleştiren ifadeleri bu vatana her daim bağlı kalmış olan ve vatandaşlık sorumluluğunun bilincindeki Ermeni vatandaşlarını derinden yaralamaktadır.
Kutsal kitabın öğretisi açıktır: “Beden bir olmakla birlikte birçok üyeden oluşur ve çok sayıdaki bu üyelerin hepsi tek bir beden oluşturur … Bir üye acı çekerse, bütün üyeler birlikte acı çeker; bir üye yüceltilirse, bütün üyeler birlikte sevinir” (1 Korintliler 12.12-26). Vatanın herhangi bir köşesindeki acıyı tüm vatandaşların aynı şekilde hissetmesinden daha doğal ve gerçekçi ne olabilir? Hal böyle iken, kendisini Türkiye’nin doğal bir parçası olarak gören ve tüm vatandaşlarla aynı üzüntü ve mutlulukları tüm samimiyeti ve içtenlikle paylaşan Ermeni vatandaşlarına karşı hiç de adil olmayan ifadeler kullanmak akıllara durgunluk verecek ve insafa sığmayacak bir davranıştır. Eminiz ki, milletimizin büyük çoğunluğu bu ötekileştirme çabalarına hemfikir değildir.
Vatanımızı yasa boğan bu elim olaylar karşısında şehitlerimize Allah’tan rahmet, kederli ailelerine ve milletimize başsağlığı diliyoruz. Terörü haklı ve adil gösteren ve uygulayan her türlü zihniyeti en ağır şekilde kınıyoruz. Tüm dualarımız vatanın birlik ve bütünlüğüne zarar veren menfur terör olaylarının son bulması ve kalıcı barışın sağlanması içindir.
TÜRKİYE ERMENİLERİ PATRİKLİĞİ
10 Eylül 2015