Շաբաթ 30, Նոյեմբեր 2024
ՍԿԻՒՏԱՐԻ Ս. ԽԱՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՆԴԱՄՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արքեպիսկոպոս Պեքճեան նախընթաց օր Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Յովհաննէս Կոպոյեանն ու իր ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Յուսիկ Քահանայ Հերկելեան։
Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ տարեկան անուան տօնախմբութիւնը այս տարի նախատեսուած է 17 Սեպտեմբերին։ Ուստի, թաղականները Պատրիարքարան փութացած էին՝ խնդրելու համար Աթոռին հովանաւորութիւնը։ Զրոյցի ընթացքին Ս. Խաչ եկեղեցւոյ թաղականները բացատրութիւն տուին նաեւ թաղէն ներս ծաւալուած գործունէութեան շուրջ։
Նորին սրբազնութիւնը թաղականներուն փոխանցեց իր օրհնութիւնը, ընդառաջեց անոնց հովանաւորութեան խնդրանքին եւ կարողութիւն մաղթեց իրենց գործունէութեան համար։
Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 11, 2017