ԱՆԱՀԻՏ ՂԱԶԱՐԵԱՆ ՔԱՂԱՔԻՍ ՄԷՋ

Նախընթաց օր ուրախութիւնն ունեցանք խըմ-բագրատանս մէջ հիւրընկալելու Հայաստանէն երիտասարդ հասարակական գործիչ եւ պրպտող Անահիտ Ղազարեանը։ Նկատի ունենալով, որ Անահիտ Ղազարեան անցեալի մէջ գրախանութներու բնագաւառէն ներս ալ աշխատանք ծաւալած է, ան արդէն ծանօթ էր ԺԱՄԱՆԱԿ-ին։ Սա իր առաջին այցելութիւնը չէ Իսթանպուլ, սակայն այս անգամուան ուղեւորութիւնը ունի յատուկ նպատակ մը։ Արդարեւ, Անահիտ Ղազարեան ներկայիս ուսումնասիրութիւն մը կ՚իրականացնէ մեր համայնքի մօտաւոր անցեալի լուսանկարիչներէն Մարիամ Շահինեանի մասին։ Զրոյցի ընթացքին ան մեզի յայտնեց, որ «Արաս» հրատարակչութեան կողմէ լոյս ընծայուած Մարիամ Շահինեանի վերաբերեալ գիրքը իրեն համար եղած է շատ ուշագրաւ։ «Ֆօթօ Կալաթասարայ» լուսանկարչատան հիմնադիր Մարիամ Շահինեանի կեանքի ոդիսականը հետաքրքրական դարձած է իրեն համար եւ Անահիտ Ղազարեան որոշած է խորանալ անոր կեանքին ու գործունէութեան մէջ։ Ներկայիս ան մեր համայնքէն ներս ուսումնասիրութիւններ կը կատարէ՝ մանաւանդ հասնելու համար այնպիսի անձերու, որոնք կը յիշեն Մարիամ Շահինեանը, նկարահանուած են անոր կողմէ եւ կամ իրենց մօտ կը գտնուին անոր դրուագները։ Այս բոլորին շուրջ Անահիտ Ղազարեան կը տանի լուրջ աշխատանք։ Միջոց մը քաղաքիս մէջ մնալէ վերջ ան պիտի այցելէ Նիւ Եորք եւ աւելի վերջ պիտի վերադառնայ Իսթանպուլ։

Ան այցելութեան ընթացքին փափաք յայտնեց հանդէս գալ կոչով մը։ Այսպէս, բոլոր անոնք, որոնք Մարիամ Շահինեանի վերաբերեալ ունին վկայութիւններ կամ լուսանկարներ, այս աշխատանքին արդիւնաւորման նպատակով կրնան կապ հաստատել Անահիտ Ղազարեանի հետ՝ հետեւեալ հասցէով.

anahit.ghazaryan89@gmail.com

Անահիտ Ղազարեան կը ծրագրէ այս ուսումնասիրութեան արդիւնքը ապագային պատրաստել թեզի մը ձեւաչափին մէջ՝ պաշտպանելու համար ակադեմական միջավայրէ ներս։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 11, 2019