ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՊԷՅՔՈԶԻ ԵԿԵՂԵՑԻՆ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, երէկ միջօրէին, այցելեց Պէյքոզի Ս. Նիկողայոս եկեղեցին ու դիմաւորուեցաւ Վարուժան Մաղաքեանի գլխաւորութեամբ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի անդամներուն կողմէ։ Նորին Ամենապատուութեան կ՚ընկերակցէր գաւազանակիր Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։

Պէյքոզի եկեղեցին Պոլսոյ հեռաւոր ափը գտնուելուն պատճառաւ, պարբերաբար կարիքը կը զգայ բարենորոգման աշխատութիւններու։ Եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը առհասարակ կը ձեռնարկէ աշխատութիւններու, որպէսզի աղօթատեղին պայծառ մնայ։ Պատրիարք Հայրը սոյն բարենորոգութիւնները տեղւոյն վրայ քննելու համար այցելեց եկեղեցի եւ այս մէկը առիթ դարձաւ նաեւ, որ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի աշխատութեանց մասին տեղեկութիւն ստանայ։ Եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը շնորհակալութիւն յայտնեց Նորին Ամենապատուութեան այցելութեան համար, ինչ որ խրախուսական բնոյթ ունէր։ Պատրիարք Հայրը ներկաներուն հետ զրուցելէ ետք յաջողութիւն մաղթեց անոնց ու բաժնուեցաւ եկեղեցիէն։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 11, 2020